ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 8ին հրաւիրած է արտահերթ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկած է «ԼՂՀ 2010թ. պետական պիւտճէի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերող հարցը: Ընթացքին արծարծուած խնդիրներէն է այն, որ 2010 Նոյեմբեր 1էն սկսեալ, 2500 դրամով պիտի աւելնան կենսաթոշակները, իսկ արտօնեալ խումբերու քաղաքացիներուն տրուող ամենամսեայ դրամական օգնութիւնները այս տարուան Մայիս 1ին աւելցած են 30 տոկոսով:
Նաեւ, 2010ի ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է ծնունդներու աճ, զոր խթանելու համար, ընթացիկ տարուան պետական պիւտճէով նախատեսուած գումարները այլեւս անբաւարար են:
Պետական պիւտճէի փոփոխութիւնները, փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թէւոսեանի խօսքով, պայմանաւորուած են նաեւ ներդրումներու ծրագիրին մէջ ծախսերու աճով, որ յառաջացած է ռազմավարական եւ առաջնային նշանակութիւն ունեցող վայրերու կառուցման եւ վերանորոգման արդիւնքով:
Նշեալ ծրագիրներու նիւթական բաժինին համար գործադիր մարմինը առաջարկած է պետական պիւտճէի ծախսային մասը աւելցնել 4 միլիառ 590 միլիոն դրամով՝ հակառակ անոր, որ նոյն չափով պիտի աւելնայ նաեւ պակասորդը:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան, իր կարգին նշած է, թէ 2009ի վերջաւորութեան, երբ հաստատուած է 2010ի պետական պիւտճէն, ներկայիս իրականացուող շարք մը ծրագիրներու նիւթական աղբիւրները տակաւին յստակացած չէին, ուստի յիշուած ծախսերը պիւտճէին մէջ չեն ներառուած: Այսօր հնարաւորութիւն կայ պիւտճէին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.