ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սեպտեմբեր 7ին, նորվեկիական Norsk Energi-ն, «Հիդրոէներգետիկա» ընկերութեան հետ մասին, սկսած է իրականացնելու Հայաստանի փոքր ելեկտրական կեդրոններու (ՀԵԿ) ոլորտի զարգացման միտող քառամսեայ ծրագիր:
Երեւանի մէջ նոր նախաձեռնութեան շնորհահանդէսին ընթացքին, Norsk Energi ընկերութեան նախագիծի ղեկավար Իուն æու Յին յայտնած է, որ ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, եւ ուղղուած է փոքր ՀԵԿերու գիտարուեստական հնարաւորութիւններու զարգացման գործին: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ փոքր ՀԵԿերու ոլորտի խթանման համար Նորվեկիան կը տրամադրէ 180 հազար եուրօ: Բացի ատկէ, աշխոյժ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ «Ամերիապանք» ընկերութիւնը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը, բնապահպանութեան նախարարութիւնը, «Աջակցութիւն վերարտադրուող էներգետիկային» հայ-գերմանական հիմնադրամի ծրագիրը եւ Երեւանի պետական ճարտարապետութեան ու շինարարութեան համալսարանը: Norsk Energi ընկերութեան ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ բաւարարելու ուժանիւթի ոլորտը գիտարուեստական եւ բնապահպանական չափանիշներուն համապատասխանեցնելու պահանջքը:
Տնօրէնութեան նախագահ՝ «Ամերիապանք»ի գլխաւոր տնօրէն Արտակ Հանէսեան, իր կարգին յայտարարած է, որ այդ ծրագիրը մեծ ներդրում կրնայ ունենալ ուժանիւթի ոլորտի երիտասարդ մասնագէտներու ուսուցման հարցին մէջ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է լաւագոյն ուսանողներու գործնական աշխատանքները կազմակերպելու՝ հետագային նաեւ աշխատանք առաջարկելով անոնց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.