Թրքական «Ռեֆերանս» թերթը, անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացին եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն՝ կը գրէ, որ Նոյեմբերին ամերիկեան Քոնկրեսի ընտրութիւններուն, նախագահ Պարաք Օպաման աւելի շատ պիտի զգայ ամերիկահայերու եւ հրեաներու աջակցութեան կարիքը։
«Սեպտեմբերին Թուրքիա ստանձնեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահութիւնը։ Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ երկու կարեւոր նիստեր կան Սեպտեմբերի 23ին եւ 27ին։ Առաջին նիստին պիտի նախագահէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը, իսկ երկրորդին՝ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն։ Մեծ հաւանականութեամբ, ինչպէս Կիւլը այնպէս Տաւութօղլուն իրենց ամերիկացի գործընկերներու հետ պիտի ունենան երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութիւնը, Իրանի հետ ստորագրուած հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման մասին համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ հանրաքուէի պատճառով կանգ առած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը», կը գրէ օրաթերթը՝ նշելով, որ եթէ թրքական իշխանութիւնները որոշ քայլերու չձեռնարկեն, ապա թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ դարձեալ պիտի յառաջանայ ճգնաժամ մը, որուն յաղթահարումը նախորդ տարիներու համեմատութեամբ՝ շատ դժուար պիտի ըլլայ։
«Եթէ Անգարան քայլեր չիրականացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, ապա ամենաուշը Մարտին, բազմաթիւ պատուիրակութիւններ պիտի մեկնին Միացեալ Նահանգներ եւ պիտի փորձեն Ուաշինկթընի բացատրել, թէ Թուրքիա որքա՛ն պիտի զայրանայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութիւն եզրի գործածութեան պարագային։ Սակայն այս անգամ Թուրքիան շատ աւելի դժուար կացութեան մէջ պիտի յայտնուի, որովհետեւ ամերիկեան կողմը քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Թուրքիոյ պահանջներուն», կը գրէ «Ռեֆերանս»ը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.