ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երկուշաբթի, 6 Սեպտեմբերին մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին։ Ըստ Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, նախագահ Սահակեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն բանակին թեքնիք պատրաստութիւնը համապատասխան մակարդակի վրայ պահելու ուղղութեամբ։
Բակօ Սահակեան նշած է, որ ժամանակակից սպառազինութեան հետ մէկտեղ անհրաժեշտ է բարձր պահել նաեւ զինուորներուն մարտական ոգին՝ ներառելով հոգեբանական, դաստիարակչական, ընկերային եւ շարք մը այլ հիմնախնդիրներ։
Անդրադառնալով վերջերս Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը զանոնք որակած է իբրեւ ահաբեկչական-հետախուզական գործողութիւններ, որոնք կը սպառնան ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին։ Ան ընդգծած է, որ վայրագութիւնները կանխելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը՝ անոր ուժգին հակահարուած հասցնելն է։ «Եթէ ատիկա չկատարուի, ապա անկայունութեան սահմանները անպայմանօրէն պիտի ընդլայնին», ըսած է նախագահը։ Ան բարձր գնահատած է բանակի մարտունակութեան աստիճանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.