ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ինչպէս նշած էինք, Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 9-13ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ «Ռէանիմանիա» միջազգային «անիմացիոն» (animation) փառատօնը:
Սեպտեմբեր 7ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, փառատօնի կազմակերպիչները պարզաբանած են փառատօնին ծրագրային մանրամասնութիւնները: Ասուլիսին ներկայ եղած են նաեւ «Ռէանիմանիա 2010»ի աջակիցները՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պրազիլի դեսպանութիւններու, Ֆինլանտայի պատուոյ հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ Բրիտանական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով աջակցած է փառատօնի կայացման:
Նշուած է, որ անցած տարի փառատօնի ընթացքին ցուցադրուեցաւ 35 «անիմացիոն» շարժանկար, իսկ այս տարի անոնց թիւը աւելցած է 10ով:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Ժամանակակից արուեստներու եւ արհեստներու վարչութեան պետ Սոնա Յարութիւնեանի խօսքով, ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, երկրորդ անգամն ըլլալով նիւթապէս կ՛աջակցի փառատօնին եւ 2011ի պիւտճէէն փառատօնին կը նախատեսէ տրամադրել 2 միլիոն դրամ (շուրջ 5400 տոլար): «Սա մասնակի աջակցութիւն է. յոյսով եմ, հետագայում մենք կը կարողանանք ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել անիմացիոն կինոփառատօնին», նշած է Ս. Յարութիւնեան:
Փառատօնը պիտի բացուի ֆրանսական «Աճպարարը» (Lillusioniste) շարժանկարի ցուցադրութեամբ, եւ պիտի փակուի «Սասնայ Ծռեր» շարժանկարով: Փառատօնին ներկայացուած շարժանկարներուն մէկ մասը կը ցուցադրուի առաջին անգամ ըլլալով:
«ReAnimania» միջազգային «անիմացիոն» փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Վրէժ Քասունիի խօսքով, պիտի կայանան նաեւ բացօթեայ ցուցադրութիւններ, որոնց ընթացքին ցանկացողներ կրնան անվճար դիտել փառատօնի նախորդ տարուան լաւագոյն շարժանկարները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.