ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Սեպտեմբեր 5ին հովուապետական այցով մեկնած է ԱՄՆ Հայոց արեւմտեան թեմ: Այցի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 9ին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմին՝ Պոսթընի մէջ, Նորին սրբութիւնը պիտի հանդիսապետէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւնը: Սեպտեմբեր 11ին, վեհափառ հայրապետը պիտի կատարէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, իսկ 12ին՝ Խաչի տօնին, անոր հանդիսապետութեամբ, նորաօծ տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կ՛ուղեկցին Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել եպս. Քարամեան, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան եւ Մայր աթոռի այլ ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.