Ատամները կճրտելը բաւական տարօրինակ ու հետաքրքրական սովորութիւն մըն է: Ոմանք երբեք չեն ունենար այդ սովորութիւնը, կարգ մը երեխաներ ժամանակաւորապէս կը կճռտեն իրենց ակռաները, յատկապէս երբ իրենց մշտական ատամները կը սկսին բուսնիլ եւ կը փոխարինեն կաթի ակռաները։ Իսկ ուրիշներ այս սովորութենէն կը տառապին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Ատամնաբուժները, թէեւ ատամներ կճռտելը կը կապեն կարգ մը պատճառներու, սակայն որոշակի պատճառները վերջնականապէս յստակ չեն:
Չափահասներու մօտ այս սովորութիւնը ընդհանրապէս կը սկսի գերճնշուածութեան ու գերլարուածութեան հետ կապուած պատճառներով: Երեխաներու մօտ սակայն ատամներ կճրտելը կը թուի կապուած ըլլալ պարզապէս նոր սովորութեան մը վարժուելու հետ եւ կամ նոյնիսկ ատամներ ունենալու ֆիզիքական այդ նոր զգացումին հետ:
Ամերիկեան ատմանաբուժական ակադեմական աղբիւրները կը յայտնեն, թէ երեխաներու մօտ ակռաներ կճրտելը տեղի կ՛ունենայ օրուան եւ գիշերուան ընթացքին: Մայրեր սակայն աւելի կը նկատեն գիշերային կճռտումը, որովհետեւ երեխաները քնացած պահուն աւելի ուժեղ կերպով կը կճրտեն իրենց ակռաները, քան երբ արթուն են, հետեւաբար ձայնը աւելի լսելի, ուշագրաւ եւ ահազանգային կը դառնայ:
Ի՞նչ կարելի է ընել.
– Վարժուեցէք անոր: Երեխաները երբ կճրտեն իրենց ատամները բաւականին տհաճ եւ վախազդու ձայներ կը հանեն: Ձայներ՝ որոնք նման են եղունգներով գրատախտակը քերթելու ձայնին: Նոյնիսկ եթէ պարագան այդպիսին է, ջանացէք վարժուիլ կացութեան ու մի ձգէք որ անիկա խանգարէ ձեզ: Ատամնաբուժները յաճախ կ՛անտեսեն երեխաներու ատամներ կճրտելը եւ զանիկա բուժելու չեն դիմեր, որովհետեւ այդ տարիքին լուրջ հետեւանքներ չի կրնար ունենալ: Երեխաներու կաթի ատամները պիտի ծառայեն ընդամէնը քանի մը տարի եւ իրականութեան մէջ շատ մեծ ուժ պէտք է որ այդ կաթի ատամները մաշին նախքան արդէն անոնց իյնալու ժամանակը:
– Հանդարտեցէք: Իբրեւ մայր, բնական է որ մտահոգուիք կարծելով, որ ձեր երեխային ատամները կճրտելը լարուածութեան ազդանշան է: Սակայն հանգստացէք, այդ տարիքին այս սովորութեան պատճառը լարուածութիւնը չէ: Երեխաներու մօտ այդ սովորութիւնը կը ստացուի ատամներ ունենալու իրենց զգացողութեան հետեւանքով եւ ժամանակի ընթացքին կը նուազի ու կ՛անհետանայ: Այնուամենայնիւ այցելութիւն մը տուէք ատամնաբուժին եւ ան անպայման պիտի նկատէ սովորութեան գոյութիւնը, իսկ եթէ արտասովոր պատճառ մը գտնէ ինչպիսին են՝ ծնօտներու կամ ատամներու երբեմնի անհաւասարութիւնն ու անհաւասարակշռութիւնը պիտի դիմէ բուժման միջոցներու: Նոյնիսկ նմա՛ն պարագաներու, կացութիւնը յաճախ կարիք չունենար բժիշկի մասնագիտական միջամտութեան: Սակայն երբեմն կարիքը կը զգացուի մասնագէտին միջամտութեան։
– Գիշերային պահպանակներ։ Մասնագէտներ երբեմն պիտի թելադրեն գիշերային պահպանակներ (night guard)։ Մանաւանդ երբ անոնք մշտական ակռաներուն կը սկսին վնաս պատճառել, այս պարագային մաշեցնել, մասնագէտը այդ խորհուրդը պիտի տայ։ Այս մէկը կատարելու համար պէտք է երեխային առջեւի 8 ակռաները ամբողջութեամբ աճած եւ իրենց վերջնական չափը ստացած ըլլան, այլապէս այդ գիշերային պահպանակը կրնայ ակռաներուն աճումը սանձել։
Ամէն պարագայի, իբրեւ ծնողք եւ հոգատար կարելի չէ շատ անփոյթ գտնուիլ այս պարագային եւ անշուշտ լաւ է որ այդպէս հոգատար ըլլայ մայր մը քան անհոգ։ Անպայման մասնագէտի տարէք այդ երեխան եւ օրուան ընթացքին իրեն ալ վարժեցուցէք որ հրաժարի այդ սովորութենէն։ Օրուան ընթացքին ալ նկատելի կ՛ըլլայ այդ վարժութիւնը։ Երբ երեխան բանով մը տարուած կ՛աշխատի, կամ ուշի-ուշով դիտէ այտին վրայ պզտիկ փոսիկ մը կը գոյանայ ակռաները ամուր սեղմելուն պատճառով կարելի է իրեն անդրադարձնել որ հեռու մնայ այդ սովորութենէն։
————————————————————————————————————-
Վերամուտի Համար
Սեպտեմբեր ամիսը մեզի կը յիշեցնէ դպրոց, աշխատնքի վերադարձ, ամփոփուիլ եւ կրկին ռիթմով աշխատանքին դառնալ։ Իբրեւ չափահասներ, երբեմն կը դժուարանանք այս անցումային պահուն յարմարելու, սակայն շուտով մենք մեզ կը գտնենք։
Երեխաներուն պարագային քիչ մը աւելի դժուար կ՛ըլլայ այդ անցումը։ Հարկ է օգնել իրենց եւ նախապէս որոշ բաներ յստակացնել, որպէսզի կարելի եղած չափով առանց վերիվայրումներու երեխան այդ վիճակը որդեգրէ։
Կարգ մը արագ եւ գործնական կէտեր կը թելադրենք.
1- «Ռութին»ը վերահաստատեցէք: Քնանալու ժամէն սկսած մինչեւ ուտելու ժամերը յստակացուցէք: Զարթնեցուցիչ ժամացոյցները կեանքի կոչեցէք:
2- Օրէնքները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Պարտականութեան, պատկերասփիւռի, ընկերներու հետ ժամանակ անցնելու ժամերը բոլորը յստակացուցէք նախապէս: Ճշդուած օրէնքները աւելիով կը դիւրացնէ երեխային անցումային հոգեվիճակը:
3- Ծրագիր եւ նպատակ ճշդեցէք յառաջիկայ տարեշրջանին համար միասնաբար դուք եւ ձեր զաւակը: Այսպէս ան աւելիով պատասխանատու պիտի զգայ իր իսկ ճշդած նպատակին իրագորման համար:
4- Ամառնային ձեր արձակուրդի մասին թեթեւ քննութիւն-խաղ պատրաստեցէք:
5- Տնային պարտականութիւններու յատուկ տեղ մը նշանակեցէք:
6- Ամրան վերջը եւ վերամուտի օրերուն աւելիով շեշտը դրէք ուղեղը աշխացնող խաղերու վրայ, օրինակ՝ ճատրակը, սուտօքուն եւայլն:
7- Վերամուտէն առաջ օր մը դպրոց այցելեցէք եւ ժամանակ յատկացուցէք ամէն տեղ տեսնելու՝ դասարան, գրադարան, ուսուցչարան, գրասենեակ, եւայլն: