ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Սխալելուն մարդկային ըլլալուն մասին ո՛չ մէկ առարկութիւն ունինք, ո՛չ ալ կասկած այդ մասին: Վերջապէս, մենք ալ մարդ ենք, ինչպէս յաճախ կ՛ըսենք ու կը կրկնենք: Չկայ մարդ որ համաձայն չըլլայ այս հաստատումին, եթէ անշուշտ կ՛ընդունի իր մարդ էակ ըլլալը, կամ անկեղծօրէն կը յայտարարէ, թէ գերմարդկային ո՛չ մէկ կարողութիւն ունի:
Գործուած իւրաքանչիւր սխալին դիմաց գիտակցութիւնը, մարդը կը մղէ անդրադառնալու այն հետեւանքներուն, որոնք պիտի յաջորդեն տուեալ սխալին:
Սխալները երկկողմանի վնասներ կրնան պատճառել, այսինքն՝ անոնք կրնան ազդել թէ՛ գործողին եւ թէ ուրիշին վրայ, իրենց հետեւանքները զգալի դարձնելով: Եթէ մենք ենք այդ սխալը գործողը, բնականաբար տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերենք անոր նկատմամբ, իսկ նոյն սխալը երբ ուրիշը գործէ՝ աւելի ծանր կը թուի ըլլալ մեզի համար: Այսպէս, մէկը կը պատմէր, թէ իր խանութին նոր անցուած ապակեայ դիւրազգած դուռը եթէ ի՛նք սխալմամբ ամուր փակէր՝ նուազ ցաւ կը զգար, մինչ եթէ պատահէր որ յաճախորդներէն մին ամուր փակէր զանիկա, շատ աւելի ցաւ կը զգար, ու մեծ սխալ կը նկատէր այդ արարքը: Խորքին մէջ երկու անձերն ալ նոյն ուժգնութեամբ փակեցին դուռը, պարզապէս մէկը անոր տէրն էր, իսկ միւսը օտարական:
Կեանքի փորձով հարուստ մէկը կ՛ըսէր, թէ սխալիլը այնքան մեծ յանցանք չի՛ նկատուիր, երբ սխալողը կ՛անդրադառնայ անոր, ու ամէն ճիգ կը թափէ սրբագրելու համար իր կատարած սխալը:
Եկեղեցական, հոգեւոր մտածողութեան մէջ, երբ սխալին տրուող մեղք անունը այնքան ծանր կը ճնշէ մեղաւորներու ուսերուն, դարձեալ եկեղեցւոյ հայրեր այդ մասին միջին եզրը բանաձեւած են, ըսելով որ՝ ամէն անգամ մեղանչելէ ետք հոգեւորապէս ետ ոտքի կանգնելուն մէջ է քրիստոնէական արիութիւնը, եւ ո՛չ թէ մեղքի տիղմին մէջ մնալը: Եկեղեցւոյ հայրեր նոյնիսկ խոզի նմանցուցած են այն մեղաւորները, որոնք յամառօրէն կը մնան իրենց գործած սխալներուն մէջ, կամ կ՛ենթարկուին մեղքին, որ կը տիրապետէ իրենց անձին վրայ: Կենդանական աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր անասուն իր յատկութեամբ, կը բնորոշէ մարդկային նկարագրի գիծերէն մէկը կամ միւսը: Շան հաւատարմութիւնը գովելու պէս, խոզի պարագային ալ, անոր կեղտոտ բնութիւնը եւ գարշահոտութիւնը կը ներկայացնեն, անոր այդ բնութեան հետ համեմատելով որոշ մարդոց ֆիզիքական անմաքրութիւնը:
Խոզին օրինակը, սակայն, իր հոգեւոր իմաստով օգտագործող եկեղեցւոյ հայրերը, այս պարագային անոր հետ կը համեմատեն որոշ մարդոց հոգեւորապէս անմաքուր, կամ՝ մեղաւոր ըլլալը: Մեղքը անոնք կը ներկայացնեն տիղմի կամ ցեխի պատկերը օգտագործելով, իսկ անոր մէջ տապլպտկող խոզը՝ կը նմանցնեն մեղաւոր մարդուն: Այս նկարագրութեանց մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ նաեւ հաճոյքը, զոր երբեմն իբրեւ հոմանիշ կը գործածեն մեղք բառին: Այնքան զգոյշ պէտք է ըլլալ այս երկուքը իրարմէ զանազանելու աշխատանքին մէջ, որպէսզի հոգեւոր արժէքներու մասին խօսած ժամանակ, անոնք չի շփոթուին իրարու հետ: Որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ խոր յարգանք, ու Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղածութիւն ցուցաբերող մարդոց համար, աշխարհէն եկող որեւէ ուրախութեան ձայն, նոյնիսկ արդար ուրախութիւն, որ կրնայ հաճոյք պատճառել՝ կրնայ մեղք նկատուիլ: Ասիկա անշուշտ ծայրայեղութիւն է, ու դատապարտելի: Աստուած բնաւ պիտի չուզեր, որ իր ստեղծած աշխարհը սուգի, վայերու ու ողբի ձոր ըլլար իր պատկերը կրող մարդուն համար: Ընդհակառակը, աշխարհի ամէն բարիքները Աստուած տուաւ, մարդը երջանկացնելու համար: Այդ երջանկութեան չափազանցումն է, որ կրնայ հաճոյքը վերածել մեղքի, ու մեղքն ալ մարդը կրնայ առաջնորդել մահուան, եթէ զղջումով չդառնայ անկէ մարդ:
Միայն Աստուծոյ նկատմամբ չէ որ մենք սխալներ կը գործենք, այսինքն մեղքեր կ՛ունենանք: Մարդոց նկատմամբ եւս կը մեղանչենք: Զարմանալի է, որ մեր այդ սխալներուն ու յանցանքներուն հետ վերաբերելու յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերենք:
_ Ինքնապաշտպանութիւն:
Ահաւասիկ այն բառը, որ մեր կողմէ գործուած ամէն սխալներուն դիմաց ցցուող մեր առաջին կեցուածքին կրնանք տալ: Երբ ցոյց տրուի մեզի այն սխալը զոր գործած ենք, շուտով զայն մեր վրայէն հեռացնելու ինքնապաշտպանական ճիգ կը կատա-րենք: Սա, երբ ուրիշը մեզի կը յայտնէ մեր գործած սխալը: Տակաւին կայ այն պարագան, երբ ոչ ոք մեզի մատնանիշ կ՛ընէ մեր սխալը, այլ՝ մենք կ՛անդրադառնանք անոր, ու ներքին հաշուեյարդարի կ՛ենթարկենք մեր անձը: Այստեղ մեր միտքին մէջ յառաջ կը քշուի մէկ այլ բառ՝
_ Փորձառութիւն:
Ասիկա երկրորդ, սակայն հիմնական անունն է մեր սխալներուն, զոր կու տանք ամէն անգամ որ սխալինք, ու մանաւանդ անդրադառնանք մեր կատարածին:
Չկա՞ն անձեր, որոնք իրենց սիրտին մէջ ցաւելով հանդերձ եղածին համար, ինքնամխիթարական շեշտով կ՛ըսեն. «Փորձառութիւն շահեցայ»:
Մի քանի խումբի կարելի է բաժնել այս կացութեան մէջ գտնուող մարդիկը: ա. Անոնք՝ որոնք յամառ են իրենց տեսակէտներուն մէջ, բ. Անոնք՝ որոնք դանդաղ կը մտածեն, եւ գ. Անոնք՝ որոնք շրջահայեաց չեն, ու չեն գիտեր թէ իրենց շրջապատը ի՞նչ կ՛ընէ այդ ուղղութեամբ:
Առաջին խումբին պատկանողները ամէնէն դժբախտները կարելի է համարել, որովհետեւ որոշ իմաստով անձնասպանական գործողութիւն է իրենց կատարածը: Ասոնք գիտե՛ն թէ ի՞նչ կ՛ընեն ուրիշներ, կամ տուեալ կացութեան մէջ ինչպիսի միջոցի կը դիմեն մարդիկ: Սակայն իրենք իրենց մասին մեծ համարում ունենալով, չեն կրնար հետեւիլ ուրիշներու, եւ իրենց պնդած տեսակէտին ու յամառութեան զոհ կ՛երթան:
Երկրորդները եւս դժբախներ են, սակայն աւելի նուազ աստիճանի: Ասոնց համար է որ ժողովուրդը կ՛ըսէ. «Աստուած զարկած է արդէն», զգուշացնելով մարդիկը անոնց վնաս հասցնելէ: Խորհուրդ կը տրուի օգնել այսպիսիներուն, որպէսզի իրենց ճամբան գտնեն:
Երրորդ խումբի մարդիկը անոնք են, որոնք բազմազբաղ ըլլալով, առիթ չունին իրենց շուրջը նայելու: Երբեմն ալ տարբեր խառնուածքի տէր ըլլալով, հետաքրքրուած իսկ չեն ըլլար, թէ ուրիշներ ի՞նչ կ՛ըսեն կամ ի՞նչ կ՛ընեն: Ուստի ասոնք միշտ իրենց «քսակէն կը վճարեն», ամէն անգամ որ դժուարին կացութեան մէջ, կամ երկընտրանքի առջեւ գտնուին:
Մեր սխալներուն անունը փորձառութիւն դրած ենք: Կ՛ընդունիմ ամէնուդ տեսակէտը, սակայն մէկ պայմանով, որ իսկապէս փորձառական հանգամանք ստանայ այդ սխալը: Այլապէս ուրիշ խորհրդալից առած ունի մեր ժողովուրդը այդ մասին, երբ ծանօթ երկարականջ բեռնակիր կենդանիին մասին խօսելով, կը գովէ զանիկա ու կ՛ըսէ, թէ «մէկ անգամ փոսը կ՛իյնայ»: Եթէ անիկա գիտէ սորվիլ իր փորձառութենէն, հապա մե՞նք, որ նոյնիսկ մեր սխալներուն անուն տուած, ու զանոնք փորձառութիւն կոչած ենք…: