ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքէջի հաղորդումով, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Ատրպէյճան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այցելած է պանթէոն, յարգած է Հայտար Ալիեւի յիշատակը եւ ծաղկեպսակ զետեղած անոր շիրիմին։ Ռուսիոյ ղեկավարը ծաղիկներ դրած է նաեւ Հայտար Ալիեւի կնոջ շիրիմին։ Մետվետեւ ապա այցելած է Պաքուի լեռնային պուրակի զոհուածներու ճեմուղին:
Ատրպեճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, Հինգշաբթի օր «Կիւլիստան» նստավայրին մէջ տրուած է Մետվետեւի եւ անոր կնոջ ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն ընթացքին նախագահները խօսք արտասանած են։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը խթանեն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ իւրաքանչիւր այցելութիւն նոր էջ կը բանայ այդ յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան ըսած է, որ երկու երկիրները արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցին քաղաքական, տնտեսական ու այլ ոլորտներու մէջ, եւ այն փաստաթուղթերը, որոնք պիտի ստորագրուին այս այցելութեան ընթացքին, այդ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար կարեւոր դեր պիտի խաղան։ Ան ընդգծած է նաեւ, որ հակառակ ճգնաժամանային տարուան, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալները աճած են։
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահը Ատրպէյճանը համարած է Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերը եւ աւելցուցած, թէ ստորագրուելիք փաստաթուղթերը պիտի ամրապնդեն բարեկամական յարաբերութիւնները։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աշխոյժ դեր խաղալ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.