
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչհեր Մոթթաքի, խօսելով տարածաշրջանին մէջ տիրող վիճակին եւ ԼՂ հարցին մասին՝ «ՓանԱրմինիըն»ի թղթակիցին յայտնած է, որ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումն է՝ հակամարտող կողմերուն խրախուսել զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խաղաղ ճանապարհով լուծել հակամարտութիւնը, իսկ Իրանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ նպաստելու այդ գործընթացին»:
Մոթթաքի, անդրադառնալով շրջանային հարցերու՝ յայտնած է, թէ Իրանի Իսլամական հանրապետութիւնը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հետ ունի բարիդրացիական յարաբերութիւններ, եւ կ՛ուզէ, որ բոլոր հարեւան երկիրներուն սահմանները ըլլան խաղաղ եւ կայուն. այդ ծիրէն ներս, ան ոչ միայն կ՛ողջունէ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ձեւաւորումն ու սահմաններու վերաբացումը, այլեւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու այդ գործընթացին:
Ի պատասխան Հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացի սառեցման ուղղութեամբ պաշտօնական Երեւանի որոշումին մասին հարցումի մը՝ Մոթթաքի նկատել տուած է. «Մեր համոզումով, երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ հիմնախնդիրներու եւ պատմական հարցերու լուծումը պէտք է իրականանայ անհրաժեշտ դիրքի եւ պայմաններու ստեղծման լոյսին տակ»:
Խօսելով Իրանի եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւններուն մասին՝ Մոթթաքի յայտնած է, թէ վերջին տարիներուն անոնք արձանագրած են զգալի աճ, եւ ատիկա ոչ միայն տնտեսական եւ ռազմավարական բնոյթի նախագիծերու իրականացման ոլորտին մէջ է, այլեւ՝ քաղաքական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ:
«Իրանի Իսլամական հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները, եւ այս առումով, Հայաստան կը գրաւէ յատուկ տեղ: Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ, ունեցած է լաւ զարգացում, եւ երկու երկիրներուն բարձրագոյն ղեկավարներուն այցելութիւններն ու ստորագրուած փաստաթուղթերը կը խօսին այս յարաբերութիւնները առաւել զարգացնելու հաստատուն կամքին մասին», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը՝ յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներու համապատասխան պաշտօնեաներու համագործակցութեան ու օժանդակութեան շնորհիւ, մօտ ապագային քարիւղամթերքներ տեղափոխող խողովակաշար եւ Հայաստանի մէջ քարիւղամթերքներու սահման կառուցելու նախագիծերուն շուրջ վերջնական համաձայնութեան կայացման ականատեսը կրնանք ըլլալ:
Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին համոզումով, առկայ են չօգտագործուած շատ հնարաւորութիւններ:
Նկատի ունենալով, որ յարաբերութիւններու ընդլայնման համար չկայ որեւէ սահմանափակում, ուստի, Իրանի ԱԳ ղեկավարին համոզումով, հարկաւոր է, որ պատշաճ գործողութիւններով եւ անհրաժեշտ միջոցներով, ինչպիսին է երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի մը մշակումը, երկկողմանի փոխյարաբերութիւնները բարձրացնել հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններուն յարիր եւ ընդունելի մակարդակի (նուազագոյնը մէկ միլիառ տոլարի):