
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 2ին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Երկրին ղեկավարը նախ այցելած է մայրաքաղաքի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ տեղադրած Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու եւ Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրմաքարերուն առջեւ: Այնուհետեւ, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, նախագահ Բ. Սահակեան յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար ԼՂՀ անկախութեան միջազգային ճանաչումը գերագոյն նպատակ է, որուն համար պէտք է ուղղել բոլոր ջանքերը: «Անկախութիւնը մեր ժողովրդի համար բացառիկ արժէք է եւ առաջին հերթին հիմք է դրուել եւ ձեռք է բերուել մեր հազարաւոր քաջորդիների գիտակցուած զոհաբերութեան շնորհիւ: Եւ մենք մեր պարտքն ենք համարում առաջին հերթին յիշել բոլոր նրանց եւ իբրեւ արժեւորում նրանց այդ սխրագործութեան եւ նրանց այդ զոհաբերութեան՝ փորձում ենք բոլոր պայմանները ստեղծել այդ անկախութիւնը, այդ զոհաբերութեան շնորհիւ ձեռք բերուած անկախութիւնը մէկ անգամ եւս հաստատելու», նշած է երկրին նախագահը: Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է, որ 1991 Սեպտեմբեր 2ի Անկախութեան որոշումէն ետք, նոյն թուականի Դեկտեմբեր 10ին, Ղարաբաղի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով հաստատած է իր որոշումը, իսկ 2006ի Սահմանադրութեան ընդունումով՝ վերահաստատած զայն: Անդրադառնալով ՄԱԿի Գլխաւոր մարմինին մէջ ԼՂ խնդիրին վերաբերեալ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած բանաձեւին՝ Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ատրպէյճանի կողմից դա առաջին փորձը չէ: Այս տարիների ընթացքում նրանք բազմիցս հանդէս են եկել տարբեր յայտարարութիւններով, թէ՝ Մինսկի խմբի աշխատանքները արդարացուած չեն, եւ փորձում են հարցը տեղափոխել այլ միջազգային ատեաններ, յատկապէս՝ ՄԱԿ: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ այդպիսի փորձը չի կարող արդիւնաւէտ լինել ոչ միայն Ատրպէյճանի համար, այլ բուն գործընթացի համար, այդ հիմնախնդրի լուծման համար, որովհետեւ, մեր համոզմամբ, հիմնական դժուարութիւնները եւ այն, որ չենք կարողանում աւելի լուրջ արդիւնքներ արձանագրել բանակցային գործընթացում՝ դա Ատրպէյճանի կեցուածքի եւ նրա ծայրայեղ քաղաքականութեան հետ է կապուած: Դա է հիմնական պատճառը, եւ Ատրպէյճանը պէ՛տք է փորձի ոչ թէ հարցը այլ միջազգային ատեաններ տեղափոխել, այլ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել, որը միանշանակ կը նպաստի խաղաղ ճանապարհով խնդրին լուծում տալուն»:
ԼՂՀ նախագահին խօսքով, Ատրպէյճանի վարած այդ քաղաքականութիւնը ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները կը կանգնեցնէ լուրջ պատնէշներու դիմաց. անոնք ստիպուած կ՛ըլլան քայլերու ձեռնարկել՝ դադրեցնելու համար Ատրպէյճանի նման կեցուածքն ու գործողութիւնները:
«Ինչ վերաբերում է Հայաստանի կողմից իրականացուող միջոցառումներին եւ քայլերին՝ անկասկած, եթէ այսպէս շարունակուի, ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը, կողմնակից լինելով հարցը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելուն, այնուամենայնիւ, ստիպուած ենք լինելու համարժէք քայլեր ձեռնարկել, եւ դա գիտակցում են նաեւ միջազգային կառոյցների ներկայացուցիչները», ըսած է նախագահը:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 1ին, ԼՂՀ նախագահը մասնակցած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վերանորոգուած կեդրոնական պուրակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն նաեւ մասնակցեցան ԼՂՀ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ՀՀ փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան եւ այլ պաշտօնատարներ:
Նոյն օրը Բակօ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը, ուր շքանշանով պարգեւատրած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած՝ պաշտպանութեան բանակի շարքային Ռուդիկ Մանասէրեանը։