ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութեան ազգային հիմնադրամի (ԳԱՏԱՀ) ջանքերով ստորագրուած է եռակողմ «Մտադրութիւններու յուշագիր»՝ ԳԱՏԱՀի, «ԱՐԵՆԱ» (Armenian Research-Education Networking Association) հիմնադրամի եւ «Elsevier BV» հրատարակչական ընկերութեան միջեւ, որ, միաւորելով 13 գիտական հանրայայտ հրատարակչութիւններ, կը հանդիսանայ գիտական եւ առողջապահական տեղեկատուութեան ամէնէն յայտնի աղբիւրը՝ համաաշխարհային չափանիշերով (www.elsevier.com):
Այս յուշագիրի շնորհիւ «ԱՐԵՆԱ» հիմնադրամի ցանցային հնարաւորութիւններէն օգտուող բոլոր գիտակրթական կազմակերպութիւններուն՝ մօտ 60 գիտական հիմնարկներ եւ համալսարաններ, երեք ամիս շարունակ անվճար օգտուելու հնարաւորութիւն պիտի տրամադրուի Elsevier BVի «ScienceDirect» (աւելի քան 2500 բարձր վարկանիշ ունեցող գիտական ամսագիրներ) եւ «Scopus» (հետազօտական յօդուածներու յղումներու) տուեալներու շտեմարաններէն:
Այս բացառիկ հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ ԳԱՏԱՀի նախաձեռնութեամբ վերջերս Հայաստան ժամանած Elsevier BVի ներկայացուցչի եւ Հայաստանի կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային Ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանի միջեւ կայացած հանդիպումներու իբրեւ արդիւնք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.