ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ մօտ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Այտըն Սեզկին Մոսկուայի մէջ հաւատարմագրուած թրքական լրատուական գործակալութեանց ներկայացուցիչներուն հետ Ուրբաթ, Օգոստոս 27ին ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա «յառաջ կ՛ընթանան ռազմավարական համագործակցութեան ուղղութեամբ»:
Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն, դեսպանը բարձր գնահատած է Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ վստահեցուցած է, թէ անոնք աւելի պիտի սերտանան: Սեզկինի կարծիքով, յարաբերութիւններու ընդարձակման համար հեռանկարները ակնյայտն են: Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ երկու երկրներու միջեւ համագործակցութիւնը ան «օրինակելի» որակած է:
Դեսպանը ընդունած է, որ «անցեալէն մնացած ծանր բեռը» կը շարունակէ խանգարել երկու երկրներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու գործընթացին, սակայն յոյս յայտնած է, որ «աւելի ճկուն կառուցուածքով օժտուած Թուրքիան» կրնայ դիւրութեամբ յաղթահարել այդպիսի արգելքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.