Պերճ Թիւրապեան Ազնաւուրի Երգերը Հայերէնի Փոխադրեց
Ռ. Հ.
Շարլ Ազնաւուր այն բացառիկ ու տաղանդաւոր հայ մարդն է, որ իր փառքին օրերը ու իր համբաւին բարիքները բաժնեց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ։ Ազնաւուր այսօր հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներէն մէկը կը նկատուի՝ Հայաստանի ի նպաստ իր իրագործումներով։ Ազնաւուր շատ բան ըրաւ իր ժողովուրդին համար։ Բայց մէկ բան չկրցաւ ընել։ Հայերէն երգել։ Արդարեւ, Ազնաւուր երբե՛ք չուզեց ու արդէն չէր կրնար երգել հայերէնով, որովհետեւ իր երգերը անսակարկ ու անխարդախ կերպով «ֆրանսական» էին ու նոյնիսկ դժուար թարգմանելի էին անգլերէնի նման միջազգայնացած լեզուի մը։ Ազնաւուր, երբ Ամերիկայի մէջ նուագահանդէսներ սարքեց, ան իր բազմաթիւ երգերը երգեց անգլերէնով։ Շատեր չսիրեցին այդ երգերը անգլերէնով, որովհետեւ անգլերէնի մէջ երգերը չունէին Ազնաւուրեան անզուգական համը։ Եւ երբ Ազնաւուրին կը հարցուէր, թէ ինչո՞ւ անգլերէնի թարգմանած էր իր երգերը, մեծանուն երգիչը պատասխանած էր, որ կ՛ուզէր ունկնդիրը հասկնար իր երգին իւրաքանչիւր բառը։
Իսկապէս Ազնաւուրին երգերը իրենց ուժը կ՛առնեն նիւթէն ու գործածուած բառերէն, եւ ունկնդիրը շատ բան կը կորսնցնէ, եթէ Ֆրանսերէն չի գիտեր կամ եթէ երգին բառերը չի հասկնար։ Այս կէտին վրայ ոչ մէկ երգիչ այնքան անզուգական է, որքան է Ազնաւուր։ Ազնաւուրին երգերը սովորական «կը սիրեմ-կը սիրես»ի երգեր չեն, որպէսզի չհասկցողը բան մը կորսնցուցած չըլլայ։ Ազնաւուր ամէնէն խիզախ ու երգի մը համար ամէնէն անսովոր նիւթերն իսկ կրցած է գործածել՝ երգը հասցնելով համաշխարհային ճանաչումի ոլորտներուն։
Այս բոլորէն վերջ դժուար չէր պատկերացնել, թէ հայ երաժշտասէրը շատ բան կը կորսնցնէր, երբ, սիրելով հանդերձ Ազնաւուրին երգը՝ Ֆրանսերէն բառերը չէր հասկնար։ Հիմա այս անպատեհութիւնը ջնջուեցաւ, շնորհիւ այժմ Նիւ Եորք հաստատուած սիրելի ու տաղանդաւոր հայ երգիչ ու «շանսոն»ներու (երգերու-Խմբ.) յօրինող Պերճ Թիւրապեանին։
Թիւրապեանը անծանօթ մը չէ մեր ընթերցողներուն («Մարմարա»-Խմբ.), քանի որ քանիցս առիթը ունեցած ենք հիացումով խօսելու իրեն մասին։ Թիւրապեան, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորած է իր երաժշտական ուսումը, հրաշալի վարպետութեամբ իրարու միացուցած է հայ բանաստեղծութիւնն ու ֆրանսական «շանսոն»ի աւանդութիւնը։ Առաջին անգամ հիացած էինք, երբ լսած էինք Չարենցի երգերուն վրայ իր յօրինումներուն ամբողջական ձայնապնակը։ Աւելի վերջ Թիւրապեան մեզի հրամցուց Թէքէեանի երգերուն վրայ յօրինումներու ամբողջական ձայնապնակ մը։ Այնուհետեւ ան Պոլսահայ գրականութեան նկատմամբ ալ մատուցանեց հրաշալի ծառայութիւն, երբ ձայնապնակի մը վրայ միացուց Զահրատին, Խրախունիին ու Իգնա Սարըասլանին երգերուն վրայ իր յօրինումները։ Բոլոր այս յօրինումները, որոնք Թիւրապեանին կողմէ կ՛երգուէին երաժշտական հրաշալի ձեւաւորումներով, սնունդ առնելով հանդերձ Ֆրանսական «շանսոն»ի մթնոլորտէն, հաւատարիմ կը մնային բանաստեղծութեան հայկական ոգիին, Թիւրապեան կը ստեղծէր հայերէն «շանսոն»ի նոր դպրոց մը։ Բոլոր այս երգերուն մէջ մէկ բան շատ կարեւոր էր։ Թիւրապեանի երգերուն մէջ հասկնալի էին իւրաքանչիւր բառ, կարծես Թիւրապեան չէր երգեր, այլ կ՛արտասանէր, ու ասիկա կենսական կարեւորութիւն ունէր, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը չէր կորսուեր երգին մէջ, ինչպէս կը պատահի ուրիշ երգիչներու պարագային։
Վերոյիշեալ ձայնապնակներէն ետք, Թիւրապեան փորձեց հայերէնի վերածել «շանսոն»ի ֆրանսացի նշանաւոր վարպետներ Ժորժ Պրասանսէն, Ժաք Պրելէն, Էտիթ Փիաֆէն, Շարլ Թրենէէն եւ անշուշտ Ազնաւուրէն երգեր։ Հրաշալիօրէն յաջող էին այդ երգերը, քանի որ մենք առիթը ունեցած էինք ունկնդրելու անոնց առաջին փորձի սկաւառակը։ Բայց ինչ մեղք, որ Թիւրապեան չէր կրցած իրականացնել ձայնապնակին հրատարակութիւնը։
Հիմա, ահաւասիկ, մեծ անակնկալ է ունենալ Թիւրապեանի նոր ձայնապնակը, որուն վրայ Ազնաւուրեան 13 նշանաւոր երգեր կը հնչեն՝ Թիւրապեանի հայերէնով։
Անհաւատալի յաջողութիւն մը, անկարելի կարծուած գործի մը իրականացումը։ Թիւրապեան, որ առաջին օրէն ի վեր անվերապահ հիացում ունէր Ազնաւուրի նկատմամբ, կրցած է իր ամբողջ հիացումը ցոլացնել հայերէնով տրուած Ազնաւուրի մը մէջ։ Ինք է որ, օժանդակութեամբը իր կողակից Անահիտին, թարգմանած է Ազնաւուրեան «բանաստեղծութիւն»ները՝ երբեմն մէկ երգին վրայ ամիսներ շարունակ աշխատելով։ Ապահոված է Տիգրան Նանեանի երաժշտական սքանչելի ձեւաւորումները եւ հպարտօէն իրականացուցած է առաջին հայերէն Ազնաւուրը, զոր ան հպարտօրէն կը հրամցնէ բովանդակ հայ ժողովուրդին։
Մեր հաշուոյն կրնանք ցաւիլ, որ Թիւրապեան, ըստ էութեան, թարգմանութիւնները ըրած է արեւելահայերէնով։ Ո՜վ գիտէ որքա՛ն լաւ պիտի հնչէին անոնք, եթէ կատարուած ըլլային արեւմտահայերէնով ալ։ Բայց Թիւրապեան, որ իրականութեան մէջ լեզուի ու բանաստեղծութեան սիրահար է, արեւելահայերէնը լաւագոյն կերպով օգտագործած է այս երգերուն մէջ, ու իսկական Ազնաւուրն է, որ կը հնչէ այս անգամ հայերէնով։ Ազնաւուր, որ հիմնած էր «Քեզի Համար, Հայաստա՛ն»ը, հիմա կրնար ըսել. «Քեզի համար են այս երգերն ալ, Հայաստան»։
Ձայնապնակը կը սկսի երկար երգով մը, որ մեզի անծանօթ էր։ Ազնաւուրի ինքնակենսագրութիւնն է այս։ Այնուհետեւ ձայնապնակին վրայ կը գտնենք հետեւեալ երգերը. «Դեռ երէկ», «Կորցրել ես քեզ», «Հոգեյոյզ իմ սէր», «Տարէք ինձ այդտեղ», «Իմ աղջկան», «Մեր պոհեմը», «Հին հոգսեր», «Մամա», «Սիրուց մեռնել», «Երբ սիրում ես ինձ», «Ասում են», եւ վերջապէս «Տեսնում էի արդէն»։ Բոլորին մէջ ալ Թիւրապեան յաջողած էր պահել Ազնաւուրի շեշտն ու երաժշտութիւնը, զգացումն ու գաղափարի խիզախութիւնը, սրտաբաց խօսքի ցնցումն ու հաղորդականութիւնը, երաժշտական մեղեդիին գեղեցկութեան կողքին մարդկային ջղուտ հոգեբանութեան արտացոլացումը։
Անվերապահ երանութեամբ կարելի է լսել Ազնաւուրի այնքան նշանաւոր ու «հայկական» «Մամա»ն, «Լա Պոհեմ»ը, «Երէկ դեռ քսան տարեկան էի»ն եւ «Տեսնում էի արդէն»ը. երգեր, որոնց մէջ Ազնաւուր միայն երաժշտութիւն չէ որ կը ստեղծէ, այլ կը պատմէ նաեւ հազարումէկ դժուարութիւններու մէջէն անցած իր կեանքը։ Եւ Թիւրապեան լաւագոյն թարգամնիչը հանդիսացած է Ազնաւուրի ոչ միայն բառերուն, այլ նաեւ զգացումներուն ու մտածումներուն։
Երանի թէ կարելիութիւն ստեղծուէր, որպէսզի ամէն հայկական տունէ ներս մտնէր այս ձայնապնակէն օրինակ մը, որպէսզի Ազնաւուր հայերէնով, իր մայրենի լեզուով եւս երգէր այդ երդիքներուն տակ։
Եղբայրական սիրով կը շնորհաւորենք Թիւրապեանը իր այս անհաւատալի յաջողութեան ու նախաձեռնութեան համար։