
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ եւ Կիրակի, Օգոստոս 14-15ի շաբաթավերջին, տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեւցոյ յարկին տակ։
Շաբաթ երեկոյ, տեղի ունեցաւ նախատօնակը։ Քահանայ հայրերը եւ սարկաւագները, աղօթքներով, սաղմոսներով եւ մեր հոգեպարար շարականներով, գեղեցիկ պահ ապրեցան, իսկ այնուհետեւ մեր բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին հնարաւորութիւն տրուեցաւ ունենալու խոկումի, աղօթքի եւ հոգեւոր երգեր երգելու պահ՝ մինչեւ ուշ գիշեր։
Յաջորդ օրը, Օգոստոս 15ի առաւօտեան, մեր բարեպաշտ ժողովուրդը, խանդավառութեամբ եկեղեցի հասաւ։ Նկատելի է երկիւղածութիւնը եւ ջերմեռանդութիւնը մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ աւանդաբար ակնածանք եւ մեծ յարգանք կը տածէ դէպի Ս. Կոյսը։ Առաւօտեան, ժամը 9։30ին սկսաւ ժամերգութիւնը՝ այս տօնին յատուկ շարականներով, իսկ խորանը զարդարուած էր ծաղիկներով։ Աւելի ուշ, Ս. պատարագը սկսաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ. պատարագիչն էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ թափօրով, խաչի, մոմակիրներու, սարկաւագներու, բուրվառակիրներու ուղեկցութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի ու յառաջացաւ դէպի խորան։ Հոգեզմայլ էր պատարագը հաւատացեալ ժողովուրդին համար, որ նաեւ լսեց առաջնորդ սրբազանին պատգամը։
Սրբազան հայրը գեղեցկօրէն դրուատեց Մարիամ Աստուածածնի՝ մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մօր առաքինութիւնները, նշելով, որ ան Ս. հոգիով յղացած եւ մաքրամաքուր կեանք մը կերտած էր, եղաւ իւրայատուկ չափանիշը մայրութեան, ժուժկալութեան, մաքրութեան, զոհողութեան, խոնարհութեան եւ մաքրակեցութեան։ Առաջնորդը նաեւ իր պատգամին մէջ նշեց հայ կնոջ եւ մօր դերը՝ մեր անցեալի եւ ներկայի կեանքին մէջ, ընդգծելով, որ ան միշտ եղած է պատնէշի վրայ, ըլլայ այդ օրհասական պահ կամ փառաւոր ժամանակահատուած, եւ ի զուր չէ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարին հռչակած էր «Հայ Կնոջ Տարի»։
Այս առթիւ, առաջնորդը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի մայրերուն եւ քոյրերուն, որ Մարիամ Աստուածածինը իրենց համար դառնայ լոյս եւ փարոս իրենց կեանքին ընթացքին։ Այս բոլորը խոկումի գեղեցիկ պահ մը շնորհեցին հաւատացեալ ժողովուրդին։
Իսկ պատարագի աւարտին, խաղողի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, ձեռամբ՝ առաջնորդ սրբազան հօր, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան կողմէ բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն։