ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ներկայիս կը բնակի մօտ 600 վրացի, որոնց մօտ 200ը՝ Երեւանի մէջ: Ըստ «Իւերիա» վրացական բարեգործական համայնքի նախագահ Սվետլանա Նամչեւաձէի՝ տաս տարիներէ ի վեր համայնքը կը կազմակերպէ կիրակնօրեայ դպրոց, ուր վրացերէնը կը դասաւանդուի ոչ միայն համայնքի ներկայացուցիչներուն, այլ բոլոր ցանկացողներուն համար, եւ հինգ տարի է, որ կը հրատարակուի «Իւերիա» թերթը: Անոր տեղեկութիւններով, վերջին երեք տարիներուն համայնքը հայաստանաբնակ վրացի երիտասարդներուն կ՝ուղարկէ Վրաստան՝ հանգստանալու համար:
Մեկնաբանելով ԵԽԽՎի մէջ ատրպեճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ռաֆայէլ Հուսէյնովի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւին նախագիծը, ըստ որուն՝ Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւնները կ՛ենթարկուին բռնաճնշումներու, Ս. Նամչեւաձէ նշած է, որ ատիկա բացայայտ սուտ է, զրպարտանք եւ սադրանք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.