ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գինեգործներու միութեան նախագահ Աւագ Յարութիւնեան Օգոստոս 17ին հանդիպած է լրագրողներու հետ ու յայտնած, թէ այս տարի Հայաստանի մէջ խաղողի բերքը պիտի ըլլայ առատ եւ որակեալ:
Անդրադառնալով գինեգործութեան եւ խաղողագործութեան վրայ տնտեսական ճգնաժամին ձգած հետեւանքներուն՝ Ա. Յարութիւնեան նշած է, որ գինեգործութիւնը արդէն դուրս եկած է ճգնաժամէն, իսկ խաղողագործութիւնը ճգնաժամը կը յաղթահարէ այս տարուան Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին. ցուցանիշները կը հաւասարին 2007-2008ի տուեալներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.