ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Օգոստոս 18ին ընդունած է Լիոնի Տեսին արուարձանային քաղաքի Հայ մշակութային տան տնօրէն, ՀՅԴի անդամ Յակոբ Էթոյեանը, որուն հետ ծաւալած զրոյցի ընթացքին, նախարարը գնահատած է մշակութային կեդրոնի տասնեակ տարիներ իրականացուցած հայապահպան գործունէութիւնը:
Նշենք, որ կեդրոնը ստեղծուած է 1932ին եւ մինչեւ 1977 կրած է Ժողովուրդներու տուն անունը: Անիկա եղած է Լիոնի ամենամեծ եւ ամենակազմակերպուած հայկական կեդրոնը՝ մշտապէս նպաստելով եւ ապահովելով իւրաքանչիւր աշակերտի հայեցի ուսումը եւ դաստիարակութիւնը եւ հայերը մէկ յարկի տակ համախմբելով՝ բարձրացուցած է ազգային ինքնագիտակցութեան զգացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հ. Էթոսեան նշած է, որ Հայ մշակութային տան ուսումնական-դաստիարակչական հենքը մեր ժողովուրդի պատմութիւնն ու յիշողութիւններն են՝ միտուած դէպի ապագան, դէպի հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան բարեկեցիկ կեանքի տեսլականը:
Կողմերը անդրադարձած են կեդրոնի շէնքին նոր հողատարածք տրամադրելու մասին:
Գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ նախարարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հայ մշակութային տունը իր գործունէութիւնը աւելի եւս ընդարձակէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.