ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Vesti. Az» ատրպեճանական կայքին մէջ, Օգոստոս 17ին տեղ գտած հաղորդագրութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային առաջնագիծի դիրքերէն մէկուն մէջ, հայկական դիրքապահներուն միջեւ տեղի ունեցած է միջադէպ մը, իսկ Գիւլիստանի ուղղութեամբ ատրպեճանական կողմ անցնելու փորձ կատարած երկու հայ զինուորներ սպաննուած են, նոյնինքն հայերու կողմէ։ Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի տեղեկութիւններուն, ասիկա նպատակաուղղուած է հնարածին տեղեկութիւններու տարածման միջոցով վարկաբեկելու ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հեղինակութիւնը: «Ասիկա ատրպեճանական քարոզչութեան հերթական անյաջող հնարքներէն մէկն է եւ առաւելապէս միտուած է հայկական բանակին հանդէպ հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման», նշած է բանակի մամլոյ ծառայութիւնը, ըստ որուն, ատրպեճանական բանակին մէջ միայն Օգոստոսի առաջին կիսուն արձանագրուած է հինգ զոհեր, որոնց երկուքը՝ ինքնասպանութիւն, երկուքը սպաննուած համածառայակիցներուն կողմէ, մէկը՝ հիւանդութեան պատճառով:
«Յատկանշական է մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ վերջին շաբաթուայ ընթացքում նկատելի աճ է արձանագրուել նաեւ նախազօրակոչային տարիքի պատանիների շրջանում կախուելու ճանապարհով ինքնասպանութեան դէպքերի թուաքանակում, որոնք հիմնականում այդ քայլին են դիմում ծառայութեան հանդէպ ունեցած վախի պատճառով: Իսկ եթէ այս ամէնին յաւելենք նաեւ համածառայակիցների հանդէպ սեռական բնոյթի բռնարարքների աստիճանական աճի իրողութիւնը ատրպեճանական բանակի գրեթէ բոլոր զօրամասերում, ապա հակառակորդի ճամբարում տիրող վիճակն առաւել քան պարզ կը դառնայ», նշած է ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ ԼՂՀ ՊԲի, այս բոլորէն ետք, դատելով Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ պահուածքէն, կը մնայ ենթադրել, որ Ատրպէյճանի միապետը իր յայտարարութիւնները կ՛ընէ ոչ թէ բխած սեփական զինուժին մէջ տիրող իրական վիճակէն, այլ այն անհիմն արձանագրութիւններէն, որոնք պարբերաբար կը հրապարակուին իր իսկ հրամանով կամ իր շրջապատին պատուէրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.