
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Տմիդրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին, ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ՝ յարգելով Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի կառուցման պատմութիւնը, Ապրիլի 24ի խորհուրդը եւ հետաքրքրական պատմութիւններ գրականութենէն, որոնք կ՛առնչուին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:
Մետվետեւ Յիշատակի ծառուղիին մէջ ջրեց 2008ի Հոկտեմբերին այցի ընթացքին իր տնկած եղեւնին:
Յայտնենք, թէ Ռուսիոյ խորհրդարանը 1995ի Ապրիլ 14ին՝ 1915-1922 թուականներու Ցեղասպանութիւն իրագործողները դատապարտող եւ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր ճանչցող հռչակագիր մը վաւերացուցած էր:
Ռուսիոյ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Անատոլի Սերդիւկով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ, Ռուսիոյ նախագահին եւ անոր կնկան դիմաւորեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ առաջին տիկինը: