«Ա.»
Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հրամայականը վերարծարծուեցաւ Քոսովոյի նկատմամբ Լա Հէյի միջազգային դատարանի եզրակացութենէն անմիջապէս ետք։ Այս մէկը ներհայկական քննարկումներէն անդին անցնելու նախադրեալներ պարզեց, երբ Պելճիքայի մէջ յայտարարուեցաւ, որ խորհրդարանը պիտի քննարկէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումի հարցը։
Այս յայտարարութիւնը լրատուական-մեկնաբանական շատ լուսարձակներ չխլեց։ Հարկ էր սպասել պելճիքական քաղաքական շրջանակներուն կատարելիք յայտարարութիւններուն. յայտարարուածը պելճիքահայ հասարակական կազմակերպութեան մէկ ներկայացուցիչին կողմէն էր։ Լրատուութեան հաւաստիութիւնը ոչ այնքան խնդրոյ առարկայ էր, որքան Պելճիքայի պետական շրջանակներու արձագանգումի երեւոյթին արձանագրումը. ինչ որ գէթ մինչ այժմ չէ եղած։
Կարելի չէ շրջանցել սակայն ռուսական Տումայի ԱՊՀի եւ ռուսական սփիւռքի հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանթին Զաթուլին յայտարարութիւնը, ուր յստակօրէն, հակամարտութեան իբրեւ լուծում կ՛առաջադրուէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն ու ազատագրուած տարածքներու վերադարձը՝ Ատրպէյճանին։ Ճանաչում՝ տարածքներու դիմաց բանաձեւն էր, որ կը բարձրաձայնուէր ռուսական պաշտօնատարի մը կողմէ։
Ամէն բանէ առաջ յայտարարութիւնը կատարողը պետութեան մը խորհրդարանին կարեւոր հանգամանք ներկայացնող անդամ է. այն պետութեան, որ համանախագահութիւն ստանձնած է բանակցային գործընթացին մէջ։ Միջազգային ընտանիքի ճշդած միջնորդական առաքելութեան խումբին մէջ հիմնական դերակատար ուժերէն է, եթէ ոչ ամէնէն հիմնականը։ Ապա, նկատի ունենալով անոր հանգամանքին առաջին բաժինը հետեւողը կը տարուի մտածելու, որ Զաթուլինին վերապահուած է լուսաբանելու իր գերադաս պաշտօնատարին համակարգած աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղութիւնը։
Այս հաստատումները կ՛առաջնորդեն այն եզրակացութեան, որ շրջանային տարողութեամբ գերհզօր ուժ ներկայացնող պետութեան խորհրդարանին ԱՊՀի տարածքին գոյութիւն ունեցող հարցերու յանձնախումբի քննարկումները կը ծաւալին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցնել տալու ուղղութեամբ։
Այս դիտարկումը չ՛ենթադրեր սակայն, որ մօտակայ ժամանակներուն կ՛առարկայանայ այս ուղղութիւնը։ Այս նախադրեալին հրապարակումը նման հանգամանք ունեցող ռուսական պետական պաշտօնատարի մը կողմէ չի կրնար անտեսուիլ սակայն։ Մինչ այժմ, ռուսական Տումային համապատասխան յանձնախումբէն հակասական որեւէ արձագանգում չէ եղած։ Զաթուլինի համաձայն չեղող որեւէ հակազդեցութիւն եւս չէ հրապարակուած ցարդ։
Խորհրդածելու տեղի կու տայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսին Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւն ըսելով Կիւլ ակնարկած է ազատագրուած տարածքներուն, մինչ հաստատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրը տակաւին քննարկման մէջ է։ Քաղաքական մեկնաբանութիւնները կրնան հիմնաւորեալ ձեւով նոյնացնել Կիւլի եւ Զաթուլինի յայտարարութիւնները։
Զաթուլինի յայտարարութիւնը բարացուցական ազդանշան մը կրնայ նկատուիլ ռուսական քաղաքականութեան պարզաբանումներուն ընթացքին։ Կանուխ է սակայն յաւելեալ հետեւութիւններ կատարելը։ Զաթուլինին յայտարարութիւններուն չհակադրուիլը, ամէնէն առաջ ռուսական կողմէն, այս հանգրուանին բաւարար է մտածելու համար, թէ համանախագահող հիմնական դերակատարը ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ուզէ տեսնել Արցախի տագնապի լուծման ճանապարհային քարտէսը։