ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու փեթերսպուրկեան հանդիպումի հիման վրայ բանակցութիւնները շարունակելու Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլհան Փոլուխով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ, եւ Հայաստանի հետ բանակցային հոլովոյթի նիւթ է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի 3 համանախագահներուն պատրաստած փաստաթուղթը։ Ան աւելցուցած է, որ այդ փաստաթուղթը կողմերուն ներկայացուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն Դեկտեմբեր 2009ին, Աթէնքի մէջ կայացած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք։ Ըստ անոր, մնացեալը առաջարկներ ու աշխատանքային տարբերակներ են, բայց ոչ բանակցային հոլովոյթի փաստաթուղթ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.