ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիւմհիւրիյեթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ հարց չկայ, սակայն օրաթերթը կասկածի տակ կ՛առնէ Ահմետ Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնը, նկատելով, որ ան կը պատրաստուի պատուիրակութիւն մը ուղարկել Ուաշինկթըն, երկկողմանի կապերը բարելաւելու նպատակով:
Ըստ օրաթերթին, Ուաշինկթըն պիտի ուղեւորուի արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն պիտի խնդրէ օգնել իրենց, Քոնկրեսի հետ Անգարայի յարաբերութիւնները բարելաւելու հարցին մէջ։ Օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Անգարայի դիրքերը տկարացած են Իսրայէլի հետ վատթարացող եւ Իրանի հետ ջերմացող յարաբերութիւններուն պատճառով։
Բացի այդ, թրքական պատուիրակութիւնը ամերիկացի պաշտօնատարներուն պիտի փորձէ բացատրել, որ Թուրքիա իր արտաքին քաղաքականութեան առանցքը չէ փոխած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.