ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպէյճան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին արտօնութիւն չէ տուած Աֆղանիստանէն Հայաստան թռչող գերմանական օդանաւը մտնել իր օդային տարածքը: Նշենք, որ օդանաւը Երեւան կը տեղափոխէր Աֆղանիստանի Կունտուզի նահանգին մէջ՝ գերմանական հրամանատարութեան ներքեւ իրենց ծառայութիւնը աւարտած հայ խաղաղապահներուն հերթափոխը:
Ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ Երեւանի փոխարէն խաղախապահները մեկնած են գերմանական Քէօլն քաղաք, ուրկէ Հինգշաբթի երեկոյեան վերադարձած են Երեւան։
Այս միջադէպը, ՀՀ ՊՆ գնահատած է իբրեւ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի ուժերու մատակարարման գործընթացը խոչընդոտելու, նաեւ դէպի Աֆղանիստան փոխադրումներուն համար ՀՀ օդային տարածքին եւ օդակայաններուն օգտագործման հնարաւորութիւնները սահմանափակելու փորձ: Ներկայիս հայկական կողմը կը քննարկէ համարժէք քայլերու դիմելու, մասնաւորապէս, Պաքուի մէջ վայրէջք կատարող ռազմական նշանակութեան բեռներ տեղափոխող օդանաւերուն ՀՀ օդային տարածքի օգտագործման թոյլտուութիւն չտալուն հարցը:
Նկատենք, որ մինչեւ օրս Հայաստանը որեւէ ձեւով չէ խոչընդոտած Թուրքիայէն Ատրպէյճան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանէն Աֆղանիստան մեկնող եւ վերադարձող օդանաւային թռիչքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.