ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան վստահեցուց, որ Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխներու տեղակայման ժամկէտի երկարաձգման եւ անոնց անվտանգութեան լրացուցիչ գործառոյթներ վերապահելու հեռանկարը Հայաստանի ինքնիշխանութեան չի սպառնար:
Չհամաձայնելով այս առնչութեամբ որոշ մասնագէտներու արտայայտած մտահոգութիւններուն՝ Ա. Պաղտասարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, ունի իր զինեալ ուժերը եւ բոլոր կարելիութիւնները՝ իր ապահովութիւնը երաշխաւորելու: Ըստ անոր, ողջունելի է դաշնակիցներուն հետ երկկողմ համագործակցութեան խորացումը:
Հայաստանի մէջ ռուսական խարիսխներու տեղակայման մասին 1995 թուականին ստորագրուած հայ-ռուսական համաձայնագիրին մէջ կատարուելիք փոփոխութիւններու նախագիծը հայ-ռուսական բանակցութիւններուն առարկան է:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը Յուլիսի աւարտին տեղեկութիւն տարածած էր, որ նշեալ համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգուի 49 տարուան՝ հիմակուան 25ի փոխարէն: Փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ, մասնաւորաբար, տեղ գտած է հետեւեալ ձեւակերպումը. «Հայաստանի տարածքին վրայ տեղակայուած ռուսական զինուորական խարիսխը Ռուսիոյ շահերէն բխող գործառոյթներէն բացի, հայկական զօրամիաւորումներուն հետ միասին պէտք է պաշտպանէ նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը»:
Վերջին օրերուն հայաստանցի շարք մը քաղաքագէտներ եւ վերլուծաբաններ մտահոգութիւն յայտնած են, որ ռուսական զինուորական խարիսխներուն Հայաստանի անվտանգութեան գործառոյթներ վերապահելը էապէս պիտի նուազեցնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, քանի որ Հայաստան այդպիսով պիտի զրկուի կարեւորագոյն ռազմաքաղաքական հարցերուն գծով ինքնուրոյն որոշումներ տալու կարելիութենէն:
Ա. Պաղտասարեան այսպիսի մտահոգութիւնները «անհեթեթ» նկատեց: Ան յայտարարեց, որ ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կայ մտահոգուելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.