ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը, վկայակոչելով Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզի յայտարարութիւնը, կը յայտնէ, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու կիրակման սպառնալիքին, Թուրքիա մտադիր է շարունակել Իրանին վառելանիւթի մատակարարումը։
Թուրքիոյ մէջ պենզինի եւ այլ վառելանիւթերու արտահանման մենաշնորհ ունեցող «Թուփրաս» ընկերութիւնը մտահոգ չի թուիր ըլլալ Միացեալ Նահանգներու ելեւմտական նախարարութեան կողմէ հաւանական պատժամիջոցներէն։ Ըստ ամերիկեան օրէնքներու, Միացեալ Նահանգներու ելեւմտական նախարարութիւնը իրաւունք ունի պատժելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու դրութիւնը խախտող օտար ընկերութիւնները:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ «Թուփրաս»ի ներկայացուցիչը յայտնած է. «Մեզի համար Իրանը աւելի կարեւոր է քան Ամերիկան, որովհետեւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներէն, այլ Իրանէն կը ստանանք հում քարիւղը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.