ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ, Օգոստոս 12ին նշուեցաւ Երիտասարդութեան միջազգային օրը, որուն առիթով «Երիտասարդական նախաձեռնութեան կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, ՀՀ մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կից Երիտասարդական ձեռնարկներու կազմակերպման կեդրոնը ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին հետ համատեղ՝ կազմակերպած էին երիտասարդական շարժանպատկերներու փառատօն՝ կամաւորութեան թեմայով: Ներկայացուած 9 շարժապատկետներէն «Կազմակերպութիւններ» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ «Ագաթ» ՀԿի նկարահանած ժապաւէնը, «Հանդիսատեսի համակրանք»ին եւ դատակազմին կողմէ՝ Արա Մելիքջանեանի տեսաերիզը: Յաղթողները ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին կողմէ պարգեւտրուեցան:
Տօնին ծիրէն ներս նաեւ կազմակերպուած էր ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որուն ընթացքին Հայաստանի երիտասարդ կամաւորներու հասարակական կազմակերպութիւնները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը լուսաբանող տեղեկատուութիւն՝ տեսանիւթերու եւ հրատարակուած գիրքերու տեսքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.