ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ վերջին շաբաթներուն անյետ կորած եւ ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ սպաննուած ՀՀ քաղաքացի Աննա Դաւթեանի մայրը՝ Կարինէ, նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է աղջկան հետ տեղի ունեցածին մասին: Ան հաստատած է, որ աղջկան ենթադրեալ դիակը յայտնաբերուած է Տրապիզոնի շրջակայքի ջրանցքներէն մէկուն մէջ, որ ըստ թուրք ոստիկանութեան՝ անիկա պատահաբար յայտնաբերած են ընկոյզ հաւաքողները՝ Աննայի կորսուելէն մօտ 10 օր ետք: Ան պատմած է, որ դուստրը Թուրքիոյ Անթալիա քաղաք մեկնած էր հանգստանալու: Ան նշած է, որ վերջին անգամ աղջկան հետ խօսած է Յուլիս 17ին: «Մենք անընդհատ զանգում էինք, կապի մէջ էինք, ինքն էլ էր զանգում: Վերջին անգամ որ զանգեց, ասաց՝ գալիս եմ, մի քանի ժամից տանը կը լինեմ: Իսկ դրանից յետոյ կապը ընդհատուեց», նշած է Աննայի մայրը ու աւելցուցած, թէ Աննայի ուշանալէն ետք ինք մեկնած է Թուրքիա՝ զինք փնտռելու: Թուրքիոյ մէջ անոր միացած է նաեւ աղջկան ամուսինը, որ կը բնակի Անգլիոյ մէջ, եւ որոնք միասին սկսած են փնտռել Աննան:
Կարինէ Դաւթեան նաեւ պատմած է, որ աղջկան դիակը անձամբ չէ տեսած, ինչպէս յայտնած էին որոշ լրատուամիջոցներ, այլ տեսած է միայն դիակի լուսանկարները: Իսկ լուսանկարին մէջ եղած են միայն դիակի ձեռքերն ու ոտքերը, իսկ դէմքը՝ ոչ: «Իմ տպաւորութեամբ, լուսանկարում պատկերուած ձեռքերն ու ոտքերը նման էին աղջկաս ձեռքերին ու ոտքերին», ըսած է ան: Ի դէպ, երբ Աննայի մայրը ուզած է տեսնել իր աղջկան ենթադրեալ դիակը, անոր յայտնած են, որ ան արդէն թաղուած է։ Ինչ կը վերաբերի «Տի.Էն.Էյ.»ի քննութեան արդիւնքին, ան յայտնած է, որ դիակէն մասունքներ վերցուցած են, որոնց հիման վրայ ալ կը կատարեն քննութիւնը: Ան տեղեակ չէ, թէ երբ պատրաստ պիտի ըլլան արդիւնքները։ «Անընդհատ զանգում եմ, որ իմանամ, բայց ստոյգ բան չեն ասում», նշած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.