ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀԵԴն կը տեղեկացնեն, թէ արդէն իսկ սկսած են գործակցիլ թաքսիի հայ վարորդներուն հետ, որոնք արշաւի մը սկսած են Սանթա Մոնիքայի մէջ, բողոքելու համար քաղաքին մէջ գործող հայկական ընկերութիւնները դուրս մղող քաղաքապետական խորհուրդին քայլերուն դէմ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս յատուկ մարմին մը կազմած էր՝ որոշելու համար, թէ թաքսիի ո՞ր ընկերութիւնները իրաւունք ունին աշխատելու քաղաքին սահմաններէն ներս: Հակառակ այն իրողութեան, որ այս նպատակով դիմումներ կատարած 13 ընկերութիւններէն վեցը հայերու կը պատկանի, ընտրուած հինգ ընկերութիւններէն ոչ մէկը հայկական է. իրողութիւն մը, որ յստակօրէն խտրականութեան հետեւանք կը նկատուի հայկական ընկերութեանց պատասխանատուներուն կողմէ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արմէն Մարթին կը յայտնէ, թէ հարցին նախնական քննութենէն արդէն ի յայտ եկած է, թէ ընտրելու գործընթացը սխալներով լեցուն եւ կողմնակալ եղած է:
Վարորդները կը յայտնեն, թէ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ իսկ սահմանուած պայմաններուն համաձայն, հայկական ընկերութիւնները աւելի մեծ հաւանականութիւն ունէին ընտրուելու, քան ներկայիս ընտրուած ոչ հայկական ընկերութիւնները:
Հայկական ընկերութիւնները աւելի փորձառու են, աւելի լաւ համակարգչային սարքաւորումներով օժտուած են ու նիւթապէս աւելի կայուն են, քան ընտրուած ընկերութիւնները, կը պնդեն հայ գործատէրերը:
Այս նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀԵԴն հանդիպումներ պիտի ունենան Սանթա Մոնիքայի քաղաքապետական խորհուրդին անդամներուն եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Սանթա Մոնիքայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է Սեպտեմբերին քննել այս հարցը: Եթէ որոշումը անփոփոխ մնայ, ապա մօտաւորապէս 300 հայ վարորդներ աշխատանքի կարելիութիւններ պիտի կորսնցնեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.