Ս.Մ.
Փաքիստանը հարուածող ողողումները ահաւոր աղէտի մը տարողութիւնը ստացան։ Բազմահազար զոհերու, բազմամիլիոն անպատսպարներու եւ հսկայածաւալ կորուստներու-վնասներու մասին լուրերը կը լսուին-կը դիտուին խոր կսկիծով։
Օժանդակութեան կոչերը, փր-կեալները փրկուած պահելու հրաւէրները լսող ականջներ կը գտնեն բարեբախտաբար։
Եւ ահա, Միացեալ Նահանգներու շրջանի ուժերը փութացեր են 6 ուղղաթիռ ղրկելու, որպէսզի միլիոնաւոր աղէտեալներուն սննդամթերքի եւ այլ անմիջական պէտքերուն փոխադրումին մասնակցին։ Փաքիստանցիք նկատել տուեր են, որ աղէտին տարողութիւնը նկատի ունենալով, միայն 6 ուղղաթիռ բաւարար չեն։ Ամերիկացի բանբեր մը պատասխաներ է որ աւելին չեն կրնար տրամադրել։ Փաքիստանցիք հարց տուեր են, որ արդեօք ամերիկեան ուժերը շրջանին մէջ ուրիշ ուղղաթիռ չունի՞ն։ Պատասխանուեր է. «Ունինք, բայց տրամադրելի չէ»։
Ի վերջոյ, ուղղաթիռները զինեալ յարձակումներու սահմանուած են, մարդ սպաննելու կը ծառայեն. փրկարար գործը յայտնապէս անոնց առաքելութեան մաս չի կազմեր…
***
Փաքիստանի աղէտեալներուն համար, ՄԱԿը ընդամէնը շուրջ 459,000 տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն կը խոստանայ։
Աղէտին տարողութեան դիմաց, փշրանք մըն է, հարկաւ։ Մտածող կայ, որ եթէ այսքանն ալ չտան, ո՞վ ի՛նչ կրնայ ընել։
Իսկ թէ օժանդակութիւնները ե՞րբ կրնան հասնիլ եւ անկէ իսկապէս որքա՞նը թշուառացածներուն պիտի հասնի՝ այլ հարց։ Փաքիստանի զինուորականները հռչակաւոր են օժանդակութիւնները «մաղէ անցընելու» իրենց վաստակով։
Գոնէ մէկ բանի համար կարելի է մխիթարուիլ։ Չենք կրնար ըսել. «Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ»։ Ի վերջոյ, երկիրը ջուրով ողողուած է…
***
Ուաշինկթըն կը հաստատէ ու կը վերահաստատէ, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը պիտի ամբողջանայ շուտով՝ ճշդուած թուականին։
Իրաքի սպայակոյտի պետը կը պնդէ, որ ամերիկեան ուժերուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, անոնք պէտք չէ հեռանան մինչեւ… 2020, որպէսզի իրաքեան օդուժին վերակազմութիւնն ալ ամբողջանայ։
Տեսէ՛ք թէ իրաքեան օդուժին փճացումը (ամբողջ երկրին փճացման ծիրին մէջ) ինչպիսի՜ հայրենասիրական նպատակներու համար է եղեր…
***
Ամերիկեան իշխանութիւնները իրենց գլուխը հազար պատի կը զարնեն եւ ոգի ի բռին կ՛աշխատին, որպէսզի ձերբակալել տան կամ կաշկանդումի ենթարկեն «Ուիքիլիքս» կայքէջին պատասխանատուն ու գործակիցները։
Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ այդ լրատու աղբիւրը վերջերս սկսած է չափազանց մեծ գլխացաւեր պատճառել Ուաշինկթընի քաղաքական ու զինուորական վարիչներուն։ Քանի մը ամիս առաջ, անիկա համացանցի վրայ դրաւ ժապաւէն մը, ուր կը ցուցադրուէր թէ ամերիկեան ուղղաթիռէ մը ինչպիսի անմարդկային յարձակում մը գործուած էր իրաքցի քաղաքայիններու վրայ, 2007ին. ժապաւէնին մէջ արձանագրուած էին յարձակողներուն եւ անոնց հրամանատարութեան միջեւ խօսակցութիւնը, որ «աղ-պղպեղ կը ցանէր» արարքին վրայ։ Ատիկա չէր բաւեր, «Ուիքիլիքս» քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակեց աւելի քան 90 հազար տեղեկագիրներ, որոնք լոյս կը սփռեն Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի մէջ ամերիկեան բանակներու գործողութիւններուն վրայ, ի յայտ բերելով անմարդկայնութեան նոր էջեր։
Ուաշինկթընի վարիչներուն «աչքերը դուրս ինկան», այս բացայայտումները որակեցին «ազգային ապահովութիւնը վտանգող տեղեկութիւններ», հետեւաբար, նման լուրեր սպրդեցնողները որակուեցան դաւաճան, իսկ տարածողները՝ արկածախնդիրներ։
Ուրեմն, «դաւաճան» եւ «արկածախնդիր» հասկացութիւնները նոր սահմանումներու արժանացած են։
Այլ խօսքով, քաղաքային շրջաններու մէջ յարձակումներ գործելը, անմեղ մարդիկ սպաննելը արդար գործ է, իսկ այդ մասին պահուած գաղտնապահութիւնը պայթեցնելը, վիեթնամեան «նափալմ»ներուն յիշատակները գրգռելը՝ դաւաճանութիւն եւ ազգային ապահովութիւնը վտանգող արարք…