ՊՈԼԻՍ.- «Հապէր-Թիւրք» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանէն 35 հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Թուրքիա հրաւիրուեցան ու Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցան թրքական զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Վանայ Լիճի միութեան նախագահ Թունճիլ, որ յայտնեց թէ հրաւիրուած Հայկական հասարակական կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն Հայաստանի մէջ Համաքաղաքացիներու միութեան համադաշնակցութեան։ Իրենք այս կազմակերպութեան հետ կապ հաստատեցին Թուրք-Հայ Գործարարութիւնը Զարգացնելու միութեան միջնորդութեամբ եւ հասարակական մարմինները Թուրքիա հրաւիրեցին իբրեւ նպաստ երկու հաւաքականութիւններու միջեւ յարաբերութեան հաստատման։ Ժողովը կայացնելէ առաջ, երկարարատեւ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի կողմէն փրոֆ. Վահրամ Պաղտասարեանի եւ Կիւմրիի նախկին կուսակալ՝ Անդրանիկ Արշակեանի միջեւ։ Այնուհետեւ Պոլսոյ հանդիպումը իրականացաւ։ Թունճիլ յայտնեց թէ այս հանդիպումը քաղաքական որեւէ նպատակ չի հետապնդեր եւ իրենց փափաքն է հազար տարի նոյն աշխարհագրութեան վրայ միասին ապրած մարդիկ քով քովի բերել եւ առկայ նեղութիւնները անհետացնել։ «Մենք հասարակական մտածողութեան տէր մարդիկ ենք, քաղաքականութիւն չունինք, բայց յարաբերութիւններու կացութեան մասին խօսիլն ալ մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ ան։
Իսկ Մանիսացիներու Միութեան նախագահ՝ Ուղուրլու յայտնեց, թէ իրենք ալ հետաքրքրուեցան թէ ի՞նչ կրնային ընել երբ տեսան որ Հայաստանի նախագահը բարեկամական հրաւէր ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին։ Ուզեցին Թուրքիա հրաւիրել Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւնները, անմիջապէս շփումներ հաստատեցին, նամակներ ղրկեցին իրարու։ Նպատակը բարեկամական է եւ այս պատճառաւ ալ Թուրքիա հրաւիրեցին։
Իսկ փրոֆ. Վահրամ Պաղտասարեան յայտնեց, թէ մեծ երջանկութիւն կը զգայ այս հրաւէրին համար։ «Ինչպէս գիտենք, մեր ժողովուրդին երկու երրորդը ապրած է Անատոլուի մէջ եւ հիմա հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ ցրուեցան եւ իրենց միութիւններուն տուին Վանի, Մուշի, Պիթլիսի անունները։ Մենք երջանիկ ենք, որ հոս ենք եւ այստեղ կերած մեր ճաշը նոյնութեամբ պիտի հրամցնենք Հայաստանի մէջ։
Անդրանիկ Արշակեանն ալ յայտնեց թէ հրաւէրը շատ ուրախացուցած է զիրենք, բայց պատրաստուելու համար քանի մը ամսուան ժամանակի պէտք ունէին։ «Հոս ըլլալը եւ մեր նախնիներուն հարիւր տարի առաջ ապրած տեղերը տեսնելը մեզի համար շատ գեղեցիկ զգայնութիւն է» ըսաւ ան։
Հայկական կողմը փոխադարձաբար Երեւան հրաւիրած է թրքական կազմակերպութիւնները, բայց այս փոխադարձ այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.