ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ սահմանապահ ծառայութեան վարժարանի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնած է. «Այսօր Ատրպէյճանի սահմանները կը պաշտպանուին պատշաճ մակարդակով։ Սահմանապահ ուժերու մարտունակութեան բարձրացման համար կը շարունակուի զէնքի եւ զինամթերքի ձեռքբերման գործընթացը»։
Ան նաեւ նշած է, որ սահմանապահ զօրքերը որեւէ պահու պատրաստ են «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղուած գործողութիւններու», վստահեցնելով, որ ռազմական ծախսերը միշտ պետական ամավարկին մէջ առաջին տեղի վրայ պիտի մնան: «Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, չէ որ մենք պատերազմի պայմաններու մէջ կ՛ապրինք։ Պատերազմը դեռ չէ աւարտած։ Աւարտած է անոր առաջին փուլը, կը գործէ հրադադարի դրութիւն։ Սակայն պատերազմը կը շարունակուի, մենք որեւէ պահու պատրաստ ըլլանք եւ պատրաստ ենք ազատագրելու մեր տարածքները», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.