ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի անդամներուն յղած է երկու էջնոց փաստաթուղթ մը, ուր շեշտուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրին զարկ տալու կարեւորութիւնը:
Այս նպատակին հասնելու համար, հարկաւոր է ընդարձակել ներկայիս ի զօրու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումի համաձայնագիրը: Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ առեւտուրի զարգացումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան համար: Փաստաթուղթը կարելի է տեսնել www.anca.org/assets/pdf/hill_notes/080910_tifa.pdf համացանցային կայքէջին վրայ:
Այս նպատակով քոնկրեսականներու նամակներ յղելու համար այցելել www.capwiz.com/anca/issues/alert/?alertid=15159376 համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.