ՊԱՔՈՒ.- «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Օգոստոս 1ին, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը ուժի դիմելով՝ ցրած է ընդդիմադիր Ազգային ճակատ եւ «Մուսաւաթ» կուսակցութիւններու համատեղ հանրահաւաքը, որ կազմակերպուած էր Պաքուի կեդրոնը՝ հաւաքներու ազատութիւն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժողովրդավարական չափանիշներու համաձայն կազմակերպելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի բանակցութիւնները Ատրպէյճանի ազգային շահերուն համահունչ կատարելու կարգախօսերով։
Նախքան հանրահաւաքի մեկնարկը, արդէն իսկ մեծ թիւով ընդդիմադիր գործիչներ ձերբակալուելով՝ ոստիկանատուն տարուած են։ Աւելին, ոստիկանութեան մեծ թիւով ստորաբաժանումներ տեղակայուած էին քաղաքի կեդրոնական վայրերուն՝ այգիներուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ։
Ազգային ճակատ կուսակցութեան գործիչներու առաջին խումբը «Նարկիզ» առեւտրական կեդրոնին դիմաց հաւաքուելով՝ սկսած են կանչել «Ազատութիւն», «Ազատ ընտրութիւններ» եւ «Հրաժարական»։ Ոստիկանները անմիջապէս ցրուած են գործիչները, անոնցմէ շուրջ 15-20 անձեր տեղափոխելով ոստիկանատուն։
Այս դէպքէն շուրջ հինգ վայրկեան ետք, յաւելեալ քսան մարդ ձերբակալուած է։ Ոստիկանները ձեռքով փակած են բերանները այն գործիչներուն, որոնք «հրաժարական» կը պոռային։
Ձերբակալուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի հարիւրի։ Նշենք, որ ասիկա վերջին չորս ամիսներու ընթացքին ընդդիմութեան 7րդ հանրահաւաքն էր, որուն ընթացքին ոստիկանները ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ բռնի ուժ կիրարկած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.