ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեան գումարը սահմանեց 40 միլիոն տոլարով, ինչ որ համաձայն է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած գումարին, սակայն 4 միլիոն տոլարով նուազ է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութիւններու ենթայանձնախումբի առաջադրած գումարէն:
Ծերակոյտի յանձնախումբը նաեւ որոշեց նեցուկ չկանգնիլ Ներկայացուցիչներու տան վերոյիշեալ ենթայանձնախումբի այն առաջարկին, որ կը նախատեսէր 10 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան: Օպամայի առաջադրած ամավարկին մէջ եւս Լեռնային Ղարաբաղի համար օժանդակութիւն չէ նախատեսուած:
Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է 22.1 միլիոն տոլար տրամադրել Ատրպէյճան՝ համաձայնելով Օպամայի առաջարկին: Այս որոշումին մէջ նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներուն դիմագրաւած ազատութեանց սահմանափակումներուն նկատմամբ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան մտահոգիչ համարեց Ծերակոյտի յանձնախումբին սոյն քայլերը եւ նշեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութիւնները հաւասարակշռելու հարցին մէջ եւս Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը անորոշ վճիռ մը տուած է:
Արտաքին օժանդակութեանց բանաձեւին առաջարկները պիտի համադրուին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ներկայացուցիչներէն կազմուելիք յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որ վերջնական առաջարկը Քոնկրեսի քուէարկութեան պիտի դնէ: Համբարեան յոյս յայտնեց, որ վերջնական որոշումին մէջ նկատի կ՛առնուին Հայաստանի 44 միլիոն տոլարի եւ Արցախի 10 միլիոն տոլարի առաջարկները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.