ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ «Համազգային» հայ մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, Յուլիս 23ի յետմիջօրէին, ժամը 3:30էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական աննախընթաց ձեռնարկ մը, ճոխ ու պէսպիսուն յայտագիրով՝ երգ, պար, նուագ, ասմունք եւ նկարչական ցուցահանդէս, ու այս բոլորը Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի տեղական, ընդհանրապէս պատանի եւ երիտասարդական ուժերով: Հանդիսութեան ներկայ էին շուրջ 300 մշակութասէր հասարակութիւն:
Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Եսթեր Իսհակ: Ան մասնաւորաբար իր շնորհակալութեան խօսքերը ուղղեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան սոյն ձեռնարկին ու յայտագիրի մասնակից արուեստագէտներուն: Ան նոյնպէս իր գնահատանքը յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավիգ կանգնեցան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր վարչութեան անդամներէն Նոյեմի Շահինեանը, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը: Ան առաջին առիթով հրաւիրեց «Mountain View»ի մանկապատանեկան «Երեւան» պարախումբը, որ կատարեց չորս պարեր՝ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր պարուսոյց Ֆլորա Պաղտասարեանի: Պատանիները իրենց ճկուն ու իւրայատուկ պարերով արժանացան բուռն ծափահարութիւններու:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հանրածանօթ ասմունքող Մարի Սարգիսեանի ելոյթով. ան իւրայատուկ ոճով մեկնաբանեց մեր մեծանուն բանաստեղծներէն Դանիէլ Վարուժանի «Օրհնութիւն»ը եւ Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» գլուխ գործոցները, զորս ծափողջոյններով գնահատուեցան հանդիսականներու կողմէ:
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, Ս. Ֆրանսիսքոյի մշակութային կեանքին մէջ փնտռուած անուն մը եղած է արդէն «Համազգային»ի «Արենի» պարախումբը, որուն անդամները ձեռնարկի ընթացքին հրամցուցին քանի մը հայկական պարեր ու մենապարեր՝ հոգեկան մեծ գոհացում պատճառելով հայկական պարերու սիրահարներուն: Պարախումբի ղեկավար-պարուսոյցն է Լոս Անճելըսէն «Անի» պարախումբի պարուսոյց ու մենակատարներէն Սարօ Ասատուրեան:
«Արաքս» պարախումբը 7 տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքին մէջ. նախապէս քանի մը առիթներով տեսած էինք զայն մեր բեմերուն վրայ ու հիացած անոր պարերով: Այս առիթով եւս պարախումբը ներկայացաւ քանի մը հայկական պարերով ու դարձեալ պանծացուց իր անունն ու հայկական պարերը: Պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցն է Նոյեմի Արաքսի. ան պարարուեստի ասպարէզին մէջ ունի երկար փորձառութիւն՝ ըլլալով հիւր մենակատար «Քիրով» ու «Պոլշոյ» պալէի թատրոններուն մէջ:
Նաեւ մասնաւոր գնահատանքի արժանացան սիրուած երգչուհի Հելին Զինտարզեան եւ մայրը՝ վաստակաշատ դաշնակահարուհի Աննիկ Զինտարզեան: Հ. Զինտարզեան մեկնաբանեց երկու երգեր, անգլերէնով՝ «Till There Was You», եւ անմահն Կոմիտասի «Քելէ Քելէ»ն:
Հանդիսականներուն համար նոր յայտնութիւն մը եղաւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի՝ դաշնակով, ու Սեւակ Պատոյեանի՝ կիթառով, ելոյթները: Անոնք նախ նուագեցին հայկական երգերու շարք մը, ապա Բ. Կանաչեանի «Օրօր»ը, որուն յաջորդեց սպանական խանդավառ պարեղանակներու շարք մը՝ թնդացնելով սրահը եւ գագաթնակէտին հասցնելով ներկաներուն տրամադրութիւնը:
Յայտնութիւն մըն էր նաեւ «Fourth Legacy» նուագախումբն ու իրենց երգիչ ու թառահար Հրաչ Թագւորեանը. նուագախումբին միւս անդամներն էին՝ տհոլահար Հայկ Գասապեան, Տարոն Պոլոյեան (Keyboad) ու մանաւանդ ո՛չ հայ սքանչելի ու հայկական եղանակներու ներշնչումի աղբիւր բուրող տուտուկահար Շիա (Շերամ) Քամֆորթ, որ տուտուկով, ամենայն հարազատութեամբ մեկնաբանեց Սայեաթ Նովայի ու այլ երգերու շարանը: Շիա Քամֆորթ անցնող 16 տարիներու ընթացքին աշխատակցած է Արարատ Պետրոսեանի, Ճիւան Գասպարեանի ու ուրիշներու հետ. այժմ ան կը նուագէ ու տուտուկի դասեր կ՛ուսուցանէ:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ շրջանիս սիրուած երգիչ Խաչիկ Ճինկիրեանի կատարած հայկական ժողովրդական երգերով, որոնց ընթացքին ան նաեւ կը նուագէր դաշնակի վրայ:
Նկարչական ցուցադրութեան իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած էին շրջանի արուեստագէտներ Կարինէ Փեհլիւանեան, Նանի Թնճուկեան եւ Զարմինէ Աղազարեան: Ցուցադրուած հայկական գորգերը տրամադրուած էին Յովսէփ Պէզճեանի կողմէ:
Համազգայնավայել մշակութային երեկոյ մըն էր, որուն ծարաւն ունէր Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայութիւնը, տարիներէ ի վեր: