ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 6926 մարդ կը զբաղի գիտահետազօտական աշխատանքներով։ 83 կազմակերպութիւններու մէջ ներառուած այս գիտնականները, տարուան առաջին կիսամեակին իրականացուցած են 9.4 միլիառ դրամ արժող (շուրջ 25 միլիոն տոլար) արուեստագիտական աշխատանք, ըստ որուն, իւրաքանչիւր գիտնական իրականացուցած է 1.35 միլիոն դրամի (շուրջ 3500 տոլար) աշխատանք:
Գիտնականներու ամենամեծ թիւը՝ 2770, կը գործէ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, իսկ երկրորդ տեղը կը գրաւէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը՝ 2024 գիտնականով, այնուհետեւ՝ տնտեսութեան նախարարութիւնը՝ 1106 գիտնականով:
Նշենք, որ գիտական հիմնարկներու մէջ ամենանուազ արտադրողականութիւնը ունին կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտնականները, ուր 1 գիտնականի միջին արտադրողականութիւնը կազմած է 430 հազար դրամ, կամ 3.1 անգամով նուազ քան հանրապետական միջինէն:
Գիտարուեստական աշխատանքներուն աւելի քան կէսը կ՛ուղղուի կիրառական հետազօտութիւններուն, եւ միայն 24 տոկոսը՝ հիմնարար գիտութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.