ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի ընտանիքը հակա-արձակուրդային վիճակի մէջ է, եթէ կարելի է նման վիճակ պատկերացնել:
Ամառնային արձակուրդի ծրագիրներու մասին մտածելու փոխարէն, այս հաստատութեան «պաշտօնեաները» մեղուի պէս կ՛աշխատին: «Պաշտօնեան», անշուշտ, մասնաւոր չակերտուած է այստեղ, որովհետեւ այս շէնքէն ներս ինձմէ բացի ուրիշ ոեւէ մէկը կարելի չէ իբրեւ այդպիսին բնութագրել: Բոլորը նուիրեալ են, բոլորը ազգային հաստատութեան մը մէջ աշխատիլը առաքելութիւն կը նկատեն ու իրենց գործին մէջ կը դնեն սիրտ, ջերմութիւն, եռանդ:
Ահա թէ այս խումբը, այս օրերուն փոխանակ հանգստանալու, ձեռնարկած է՝
1.- Բժշկական յաւելուած մը հրատարակելու աշխատանքին, որ արդէն այսօր՝ Հինգշաբթի, 29 Յուլիսին, տպարան պիտի ուղարկուի, ու թերթի Շաբաթօրեայ արդէն իսկ ծաւալուն թիւին հետ, պիտի հասնի բաժանորդին ու ընթերցողներու լայն շրջանակին:
2.- «Քարուսել» ճաշարանին մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այս Շաբաթ օր, Յուլիս 31ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին:
3.- Կազմակերպական-նախապատրաստական աշխատանքներու՝ «Ասպարէզ»- «Հորիզոն»ի տարեկան ճաշկերոյթին համար, որ նախատեսուած է իրականացնել Կիրակի, 3 Հոկտեմբերին:
Այս ծրագիրներու կողքին՝ անշուշտ լրատուական ամէնօրեայ ծանր աշխատանք, օրաթերթային հեւք, ծանրաբեռնուածութիւն: Մամուլի այլ ծառայութեանց ու թերթերու արձակուրդի մեկնելու որոշումը ա՛ռ աւելի կը բարդացնէ «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի տեղեկահաւաքի աշխատանքը:
Ահա, ամառնային հանգիստի փոխարէն՝ խճողուած առօրեայ է «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի յարկին տակ: Բայց եւ այնպէս, աշխատողներուն արդար իրաւունքն է արձակուրդ ունենալը, եւ… կ՛ունենան՝ հերթով: