
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ Արեւիկ Պետրոսեան եւ Սամուէլ Նիկոյեան Յուլիս 28ին, Երեւանի մէջ ընդունած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեանը, եւ շնորհաւորած զայն՝ այդ պաշտօնին համար ընտրուելուն առթիւ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Ղարաբաղի ԱԺ ներկայացուցիչ Կարէն Թօփչեան:
Երկու խորհրդարաններու փոխնախագահները անդրադարձած են Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութեան, խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ՝ ՄԱԿի Միջազգային դատարանի որոշումին:
ԼՂՀ խորհրդարանի փոխնախագահը կարծիք յայտնած է, որ ՄԱԿի Միջազգային դատարանին կողմէ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման նախադէպը կրնայ նպաստել նաեւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացին: Ան կարեւոր համարած է նաեւ միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Անոր համոզումով, ԼՂՀ միջազգային ճանաչումը չի խաթարեր ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ԼՂ հակամարտութեան բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, միջխորհրդարանական տարբեր կառոյցներու մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի արծարծաման եւ տեսակէտներու ներկայացման հարցերուն: