ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Նալպանտով յայտարարած է, թէ Թիֆլիսի եւ Վրաստանի տարբեր շրջաններու այսպէս կոչուած «վիճելի եկեղեցիներ»ը վրացական են եւ ոչ թէ հայկական։
Նալպանտովի համաձայն, հայ-վրացական յարաբերութիւնները կրնային աւելի լաւ ըլլալ, եթէ Հայաստանը ՄԱԿի նման միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, Վրաստանի առաջարկած բանաձեւերուն ի նպաստ քուէարկէր։ Սակայն, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Վրաստանը, Հայաստանին բարի օրինակ հանդիսանալով՝ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ չի քուէարկեր ի նպաստ Հայաստանի առաջարկած բանաձեւերուն, վրացի պաշտօնատարը յայտնած է, որ իւրաքանչիւր երկիր կը գործէ մեկնած իր շահերէն, եւ աւելցուցած, որ Վրաստան Հայաստանի կ՛ընդառաջէ շատ հարցերու մէջ, ինչպիսին են օրինակ՝ Վերի Լարսի անցակէտի բացումն ու ռուսական կազի Վրաստանի տարածքով տարանցումը։
Ինչ կը վերաբերի ռուս-վրացական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ապա Նալպանտով ընդգծած է, որ Թիֆլիսը միշտ պատրաստ է «որեւէ ձեւաչափով, առանց նախապայմաններու, եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ», Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ վարելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.