ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին խնդրանքով, Կիրակի, 1 Օգոստոսին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ պատարագի, տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Լիզպոնի մէջ ինքնազոհութեամբ նահատակուած հինգ հերոսներ՝ Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աէմեանի, Սիմոն Եահնէեանի եւ Արա Քրճլեանի:
Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք, հոգեսուրճ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ կողքը գտնուող «Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.