ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ կայացած նիստի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Յուլիս 28ին յայտնած է, որ Վրաստանը պէտք է փորձէ սահմանները հեզասահ դարձնել ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։
Ան նշած է, որ արդէն Թուրքիոյ հետ սահմանային բարեփոխումները կատարելու աշխատանքներուն հետ կապուած դրական արդիւնքներ ձեռք բերուած են։ «Թուրքիոյ հետ հասած ենք հոն, ուր ներկայիս, սահման անցնելու ժամանակ հերթերու եւ խոչընդոտներու կարիք չկայ։ Մեր մօտ ալ քաղաքակիրթ եւրոպական երկիրներու նման պէտք է ըլլայ։ Պէտք է միասնական անցակէտ ըլլայ մէկ պատուհանի սկզբունքնով եւ ինքնաշարժները պէտք է երթեւեկեն առանց որեւէ խոչընդոտի», ըսած է Վրաստանի նախագահը։
Ան ընդգծած է, որ նման սկզբունք յատուկ իմաստ ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն համար։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ճիշդ նոյն ձեւ պէտք է ընենք։ Մեզի դժուար բանակցութիւններ կը սպասեն, սակայն արդէն ունիմ հայկական կողմի համաձայնութիւնը։ Մենք պէտք է աշխատինք ատրպեճանական կողմին հետ, իրականացնելու համար մեր համակարգերու համարկումը, որպէսզի մեր քաղաքացիները չչարչարուին։ Պէտք է դիւրացնել անոնց ու բեռներու տեղաշարժը, ինչ որ վերջնական արդիւնքով պիտի նպաստէ տնտեսական զարգացման», ըսած է Սահակաշվիլի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.