ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական նախարար ու Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ Շաբաթ, Յուլիս 24ին այցելեց Պոլսոյ պատրիարքարանը, մէկ կողմէ բարի ապաքինում մաղթելու Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին, իսկ միւս կողմէ՝ շնորհաւորելու Արամ արք. Աթէշեանը, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի իր նոր պաշտօնին համար։
Պաղըշ, նախքան այցելութիւնը, բացատրութիւններ տուաւ թրքական մամուլին ու յայտնեց, թէ դժբախտաբար Մեսրոպ պատրիարք ծանր հիւանդ է ու «այլեւս չի կրնար օգտակար ըլլալ թէ՛ իր համայնքին, թէ՛ մեր երկրին»։ Սակայն, աւելցուց ան, անմոռանալի կը մնայ անոր ներդրումը Եւրոմիութեան անդամակցութեան խնդիրին մէջ։ «2002-2004 թուականներուն, երբ Թուրքիա դժուարին պայքար կը մղէր անդամակցութեան ընդունուելու բանակցութիւններուն մէջ, Մեսրոպ պատրիարք, ընդառաջելով մեր խնդրանքին՝ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ շրջապտոյտ ըրաւ ու խօսեցաւ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ի նպաստ։ Ինչպէս գիտէք, պատրիարքին հիւանդութեան հետեւանքով, համայնքը Արամ սրբազանը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակեց։ Ես նաեւ եկած եմ զինք շնորհաւորելու։ Արամ սրբազանէն լաւ յիշատակ մը ունիմ։ Անցեալ ամիս, Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներ Թուրքիա հրաւիրուած էին շարք մը հանդիպումներու համար. այցելութիւն պիտի տրուէր նաեւ Աղթամարի եկեղեցի։ Մտածելով, որ հոն պէտքը կը զգացուի Աղթամարի մասին հարցումներուն պատասխանելու ատակ անձի մը ներկայութեան՝ Արամ սրբազանէն խնդրեցինք, որ յարմար մէկը ուղարկէ։ Ան ալ պատասխանեց. «Ես կու գամ»։ Եկաւ ու շատ օգտակար եղաւ։ Ինչ մեղք, որ այդ օրերուն ահաբեկչական արարք մը պատահեցաւ ու նահատակներ տուինք, ու հիւրերուն հետ միասին Աթէշեան սրբազանն ալ մասնակցեցաւ նահատակներու յուղարկաւորութեան», ըսաւ Պաղըշ։
Թուրք մամուլը լայնօրէն արձագանգած է Պաղըշի այս այցելութեան, որ տեւած է շուրջ երկու ժամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.