
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 24ը կը յիշատակուի իբրեւ գրաքննութեան ջնջումի օր։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան փոխնախագահ Ռակըպ Զարաքօլու այս առթիւ հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով հարց տուաւ, թէ երկրի Մամլոյ թանգարանին մէջ ե՞րբ տեղ պիտի տրուի նաեւ այն հայ լրագրողներուն, տպարանատէրերուն, նահատակուած հայ գրագէտներուն, որոնք Օսմանեան շրջանի մամլոյ կեանքին սիւները կը կազմէին։ «Ե՞րբ այդ հայերն ալ իրենց տեղը պիտի ունենան թանգարանին մէջ, որպէսզի մասամբ սրբուի այն ամօթը, որ գործուեցաւ 1915ին», հարց կու տայ ան։
Զարաքօլու իր հաղորդագրութեան մէջ կը յիշէ Թէոդիկի 1915ի յիշատակարանը, որուն մէջ տեղեկութիւններ կան 1915ին նահատակուած հայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու կենսագրութիւններուն մասին, նաեւ կը յիշէ Թէոդիկի տարեցոյցները, որոնց մէջ այդ շրջանի բոլոր հայկական թերթերուն պատկերներն ու խորհրդանշանները հրատարակուած են։
Զարաքօլու կը գրէ, որ Թուրքիոյ մամլոյ նահատակներու ցանկին մէջ իրենց տեղը պէտք է ունենան նաեւ հայեր, ինչպէս՝ Գրիգոր Զօհրապ, Տիրան Քէլէկեան, Գէորգ Ֆերիտ, Մարտիրոս Գունտաքճեան, Գարեգին Կոզիկեան, Գրիգոր Թորոսեան, Ռուբէն Զարդարեան, Դանիէլ Վարուժան, Երուխան եւ տակաւին ուրիշներ. պէտք է յիշուին նաեւ հայկական այն թերթերը, որոնք լոյս կը տեսնէին նախքան 1915 թուականը։
«Կը մաղթենք, որ Մամլոյ թանգարանին մէջ հիմնուի անկիւն մը՝ ի յիշատակ 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած խմբագրապետերուն եւ մամլոյ աշխատաւորներուն։ Մաղթելի է նաեւ, որ Ճաղալօղլուի ու Պէյօղլուի մէջ յիշատակարաններ կախուին այն շէնքերուն վրայ, որոնք ատենօք հիւրընկալեցին այսպիսի հայկական թերթեր ու պարբերաթերթեր։ Սպաննուած գրողներու բնակած տուներուն վրայ ալ կարելի է յուշատախտակներ դնել։ Ասիկա պիտի հաստատէ այն անդորրութիւնն ու հաշտութիւնը, զորս կը սպասեն բոլորը», կ՛եզրակացնէ Զարաքօլու։