ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վոլիպոլի կանանց հաւաքականը յարձակումի ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ, ուր ժամանած էին Սերպիոյ ազգային խումբին դէմ մրցելու համար։ Քանի մը հարիւր ցուցարարներ Պաղեստինի դրօշակներով խուժած են մարզիկները փոխադրող փոխադրկառաքին վրայ։ Իսրայէլացիներէն ոչ ոք վնասուած է, սակայն իշխանութիւնները ստիպուած եղած են համակիրներու մարզադաշտ մուտքը սահմանափակելու։ Թուրք ցուցարարները իրենց արարքով բողոք յայտնած են Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան յարձակումին համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.