ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Յուլիս 26ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին ԼՂՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան յայտնած է, թէ ԼՂՀ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշած են ցոյցեր չկատարել անցեալ շաբաթ Քոսովոյի անկախութեան առնչութեամբ Հաագայի միջազգային դատարանին կողմէ ընդունուած որոշումին առթիւ, «որովհետեւ Արցախում անցկացրած բոլոր ցոյցերը եղել են հուժկու, դրանց հիմքում արմատական ծրագրեր ու նպատակներ են դրուել, որոնց մենք միշտ հասել ենք», ըսած է Ա. Սարգսեան:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 25ին Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած էր հանրահաւաք մը՝ վերոնշեալ որոշումին համար, սակայն, հանրահաւաքին փոխարէն, ԼՂՀ Ազգային ժողովի երեք խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Այսօր պէտք չէ նման ցոյցերի գնալ, հարցը պէտք է տեղափոխել այլ հարթակներ եւ պէտք է սկսել ԼՂ միջազգային ճանաչման աւելի աքթիւ գործընթաց»:
Ա. Սարգսեան յայտնած է, թէ ԼՂ խորհրդարանականները չի գոհացներ ներկայ գործընթացը. «Ի հարկէ, չի գոհացնում: Մենք գտնում ենք, որ Արցախը բանակցային գործընթացում իրեն հանգիստ ու համեստ է պահում, սակայն իրավիճակն այնպիսին է, որ պէտք է մի քիչ արագացնել ճանաչման գործընթացը», ըսած է ան ու աւելցուցած, որ ԼՂՀ ունի ներկայացուցչութիւններ տարբեր երկիրներու մէջ եւ համապատասխան նիւթական աջակցութիւն կը յատկացնէ՝ այդ կառոյցները պահելու համար:
Ա. Սարգսեան նաեւ մեկնաբանած է վերջին շրջանին բանակցային յստակ գործընթացի մէջ առկայ իրադարձութիւնները եւ մասնաւորապէս նախագահներուն եռակողմ հանդիպումն ու Ալմաթայի մէջ եղած յայտարարութիւնը. «Միանշանակ մերժում եմ բոլոր այն սկզբունքները, որոնք կրում են Մատրիտեան անուանումը, քանի որ ոչ մի բան մինչեւ այսօր մեզ հետ չի քննարկուել», նշած է ան՝ նկատի ունենալով ԼՂՀ ժողովուրդը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.