ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տարածքին բազմաբնակարան շէնքերուն թիւը 21 հազար 673 է. անոնք կը պարունակեն 429 հազար 515 բնակարաններ:
Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն, կան 419 կիսաքադ շէնքեր, որոնք կարիք ունին ամրացման: Այս շէնքերուն մէջ կան 11 հազար 561 բնակարաններ:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, 25 բազմաբնակարան շէնքեր կը գտնուին այնպիսի վիճակի մէջ, զոր ամրացնել հնարաւոր չէ եւ, հետեւաբար, պէտք է լրիւ քանդուին:
Երեւան քաղաքի մէջ շէնքերուն թիւը 4765 է՝ 221,733 բնակարաններով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.