ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր Երեքշաբթի, Յուլիս 20ին, Քալիֆորնիոյ բժշկական վարչութեան անդամ վերանշանակած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ռոլինկ Հիլզ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ֆրենք Ծերունեանը:
50ամեայ Ծերունեան 2006էն ի վեր անդամ է այս վարչութեան եւ ներկայիս անոր փոխատենապետն է: Վարչութիւնը կը վերահսկէ նահանգի բժիշկներու վկայականները եւ կը հետեւի անոնց դէմ ներկայացուած բողոքներուն:
Ծերունեանի նշանակումը պէտք է վաւերացուի նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.