ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատունը, ժամանակակից տպագրական պահանջներուն հետ քայլ պահելու նախանձախնդրութեամբ, այս օրերուն կ՛օժտուի գերմանական հանրածանօթ «Հայտելպերկ» վաճառանիշով «Սփիտմասթըր Էս. Էմ.» արդիական նոր կազմածով։
Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն տպարանի անձնակազմը վարժողական յատուկ ծրագիրի մը հետեւելէ եւ նոր կազմածի մանրամասնութիւններուն ու թեքնիքին տիրապետելէ ետք, պատրաստ պիտի ըլլայ նաեւ այս մեքենայով տպագրական աշխատանք իրագործելու։
Այս կազմածը, իր լայն կարելիութիւններով, մեծապէս պիտի սատարէ տպագրական գործի ընդարձակման եւ Համազգայինի հրատարակչական առաքելութեան ծաւալումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.