ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Ազեր- թաք» լրատու գորածակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաման ստորագրած է Յունիս 18ին ղարաբաղեան դիրքերու վրայ յարձակում գործած Մուպարիզ Աղաքերիմօլու Իպրահիմովին՝ յետմահու Ատրպէյճանի ազգային հերոսի կոչում շնորհելու մասին, «բացառիկ շնորհներու եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար անոր ցուցաբերած արիութեան համար»։
Ալիեւի մէկ այլ կարգադրութեամբ որոշուած է Իպրահիմովի յիշատակը անմահացնել. այդ նպատակով, ատրպեճանական կառավարութեան յանձնարարուած է երկրի միջնակարգ դպրոցներէն մէկը եւ փողոց մը կոչել անոր անունով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.